Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

“Waznat”-ի հանդիպումները՝ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ընկերային-հոգեբանական կազմաւորման եւ կրթական արեւելումին համար

Մօտ չորս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, աշակերտները խաղի միջոցով ստեղծեցին վերոյիշեալ իրավիճակները, գործադրելով անոնց մէջ վարքի իրենց սորված կերպերը:

Աւելի քան 3 տարիէ ի վեր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը գործակցի “WAZNAT” խորհրդատուութեան հիմնարկին հետ, բարձրացնելու համար աշակերտներուն կրթական մակարդակը եւ զարգացնելու համար կրթական ու ընկերային հարցերու շուրջ անոնց գիտակցութիւնը:

Այս ծիրին մէջ, Շաբաթ, 1 Փետրուարին, 11-րդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան մեծապէս օգտակար ուսուցողական-վարժողական հաւաքի մը, որուն ընթացքին անոնք ուսումնասիրեցին մարդկային զգացումներն ու ապրումները, միջ-անձնային տագնապներու լուծման կերպերը, դրական տպաւորութիւն յառաջացնելու եղանակները:

Ունկնդրէ լուրը

“WAZNAT” հիմնարկի մասնագէտներ աշակերտներուն բացատրեցին մարդու ունեցած բնական շարք մը զգացումները՝ վախը, բարկութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ այլ, խօսեցան զանոնք հասկնալու կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչ կարելի է ընել՝ զանոնք տիրապետելու համար: Անոնք բացատրեցին, թէ ինչպէս կարելի է ըլլալ դրական՝ ժխտական իրականութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ:

Մօտ չորս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, աշակերտները խաղի միջոցով ստեղծեցին վերոյիշեալ իրավիճակները, գործադրելով անոնց մէջ վարքի իրենց սորված կերպերը:  

Սեմինարի մասնակիցները գոհունակութեամբ աւարտեցին ընկերային-հոգեբանական կազմաւորման համար  օգտաշատ այս աշխատանքը:

Դարձեալ վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրով, “WAZNAT”-ի մասնագէտները առանձին հանդիպումներ ունեցան աւարտական դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտի հետ, ծնողներու ներկայութեան, ուսումնասիրելու համար ամէն մէկ աշակերտի կրթական կարողութիւններն ու նախասիրութիւնները: Ուսումնասիրութեան արդիւնքով, անոնք իրենց խորհուրդները տուին աշակերտներուն, թէ  համալսարանական ինչ մասնագիտութիւններ կրնան յարմար ըլլալ իրենց համար: Հետագայ ուսման արեւելումին համար աշակերտները մասնագէտներէն ստացան օգտակար բազմաթիւ գիտելիքներ:

Քաղուած Մեսրոպեան վարժարանի կայքէջէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 10:30