2020.02.08 Mesrobian mostra di lavori di ricamo 2020.02.08 Mesrobian mostra di lavori di ricamo 

Մեսրոպեանի մէջ կայացաւ աշակերտներու համալսարանական արեւելումին նպաստող հանդիպում՝ 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներու հետ:

Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին.

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ Արեւելումի Գրասենեակին, Փետրուար 7-ին լիբանանեան 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններն ու կրթութեան պայմանները: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի արեւելումի գրասենեակին պատասխանատուն:

Աշակերտներուն տրամադրուեցան  հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելելալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:

Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին.  անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն կատարել թէ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով: 

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայկական ասեղնագործութեան ներկայացում
Հայկական ասեղնագործութեան ներկայացում

6 Փետրուարը հայ մշակոյթի մէկ շատ հետաքրքրական ժառանգութեան ծանօթանալու օր մը եղաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար:

Վարժարանը հիւրընկալեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ձեռարուեստի կեդրոնի ներկայացուցիչ տիկին Մակի Պետիկեանը, որ աշակերտներուն պատմեց հայկական ասեղնագործութեան մասին, ներկայացնելով անոր զարգացման հոլովոյթը՝ դարերու ընթացքին: Տիկին Պետիկեան իր հետ բերած էր ասեղնագործ աշխատանքներու նմուշներ, որոնցմով աշակերտներուն բացատրեց անոնց ոճական եւ բովանդակային առանձնայատկութիւնները:“Չենք կրնար վերակենդանացնել մեր նահատակները, բայց կրնանք պահպանել եւ ապահովել գոյատեւումը այն թանկագին ժառանգութեան, զոր անոնք ձգած են իրենց ետին”, ըսաւ ան :

Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին հիւր դասախօսին, որ յաւելեալ բացատրութիւններով գոհացուց անոնց հետքրքրութիւնը ներկայացուած նիւթին մասին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2020, 09:37