Հայաստանի Նախագահն ու Վարչապետը Հայաստանի Նախագահն ու Վարչապետը  

Հայաստանի Նախագահն ու Վարչապետը քննարկեցին ներքին եւ արտաքին հարցեր

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աւանդութիւն է պարբերաբար հանդիպիլն ու երկրին ներքին եւ արտաքին ճակատին վերաբերող հարցեր քննարկելը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 փետրուարին նախագահական նստավայրին մէջ ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Քննարկուեցան երկրի ընթացիկ օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աւանդութիւն է պարբերաբար հանդիպիլն ու երկրին ներքին եւ արտաքին ճակատին վերաբերող հարցեր քննարկելը, նաեւ կիսուիլ իւրաքանչիւրին հովանիին տակ գործող կառոյցներուն` կառավարութեան եւ նախագահական, այցելութիւններուն, հանդիպումներուն, ձեռքբերումներուն եւ դժուարութիւններուն մասին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ այս հանդիպումը 2020 թուականի առաջին աշխատանքային հանդիպումն է, եւ որ ինք ուրախ է նաեւ արձանագրելու, թէ 2019 թուականը յաջող տարի եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

«Հրապարակուած են 2019-ի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշները, եւ կրնամ արձանագրել, որ 2019-ին ունեցած ենք տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի առաւելագոյն թիւը` այդ մեթոտով տնտեսական հաշուարկներու մեկնարկէն ի վեր. մեկնարկը եղած է 2011-ին: 2019-ին մենք արձանագրեցինք յեղափոխութենէն ետք անցումային կառավարման շրջանը, եւ մեր քննարկումներու առանցքը միշտ ալ եղած է այն, որ պէտք է աւելի ու աւելի շատ կարեւոր նկատենք մեր երկրին մէջ կառուցային, հաստատութենական բարեփոխումներու նիւթը եւ հիմնադրենք ու ներդնենք ռազմավարական կառավարման տրամաբանութիւնը», յայտնեց Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն, 2020-ին այդպիսի փուլ կը թեւակոխէ երկիրը, եւ Հայաստանի մէջ պետական հաստատութիւններու կայացումը, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու համակարգի ներդրումը միշտ ալ եղած են իրենց ուշադրութեան կիզակէտը եւ պիտի շարունակեն այդպէս մնալ:

«Գիտէք, նաեւ արձագանգած էք Սահմանադրական դատարանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, եթէ կարելի է ըսել ճգնաժամին, եւ այսօր յոյս ունիմ, որ մենք կը քննարկենք նաեւ անոր հետ կապուած խնդիրը, միտքեր կը փոխանակենք: Վստահաբար, ես միանշանակ կը կիսեմ ձեր այն տեսակէտը, որ մենք այդ հարցին պէտք է մօտենանք երկրին հաստատութենական կայացման տրամաբանութեամբ, մեր երկրին ազգային եւ պետական շահերուն տրամաբանութեամբ, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու ճշգրիտ եւ աշխատող համակարգ ունենալու տրամաբանութեամբ, որովհետեւ միայն այդ պարագային է, որ մենք կ՛ունենանք անշրջելի ժողովրդավարութիւն, օրէնքի անշրջելի գերակայութիւն` անկէ բխող հետեւանքներով, եւ, ի հարկէ, սահմանադրական անշրջելի իրականութիւն, որ միշտ եղած է մեր ուշադրութեան կեդրոնը եւ մեր աշխատանքային քննարկումներու առանցքը: Այնպէս որ շատ ուրախ եմ այս առիթին համար», եզրափակեց Փաշինեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հաստատեց, որ ինք պատրաստ է քննարկման: «Շատ էական է այն, ինչ որ դուք ըսիք` հաստատութիւններու կայանալը մեր երկրին մէջ, հաւասարակշի՛ռ հաստատութիւններու, որովհետեւ եթէ կը խօսինք երկարաժամկէտ, կայուն զարգացման մասին, առանց անոր կարելի պիտի չըլլայ», շեշտեց ան: Նախագահը դիտել տուաւ, որ արժէ նաեւ քննարկել ապագայ ծրագիրները` ներդրումային ծրագիրները: Ան ուրախութեամբ արձանագրեց, որ նոր, փոքրիկ յաղթանակներ եղած են իր տուած այցելութիւններուն ընթացքին` Պարսից ծոցի երկիրներ, Տաւոս թէ Իսրայէլ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 08:30