2020.01.15 Alfabeto armeno 2020.01.15 Alfabeto armeno 

21 Փետրուարը «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» է։

21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։

21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

Ունկնդրէ լուրը

Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի  ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։

Եւ 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։

Այս ամսաթիւը ընտրուած է ի յիշատակ Տաքքայի մէջ (այժմ` Պանկլատեշի մայրաքաղաքը) 1952-ի Փետրուար 21-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, երբ ոստիկաններու կրակոցներէն զոհուած էին իրենց մայրենի Պենկալի լեզուի պաշտպանութեան համար ցոյցի ելած ուսանողները: Անոնք կը պահանջէին Պենգալին՝ ճանչնալ որպէս երկրի պետական լեզուներէն մէկը:

Արդարեւ  1947 թուականին, երբ Անգլիացիները հեռացան  Հնդկաստանէն հիմնուեցաւ Փաքիստանի Պետութիւնը որ սակայն կազմուած էր երկու  խոշոր տարածաշրջաններէ, որոնք իրարմէ կը տարբերէին ըլլայ մշակոյթով ըլլայ լեզուով. արևմտեան Փաքիստանի մէջ կ՛իշխէր Ուրտու լեզուն, իսկ արեւելեան շրջանին մէջ Պենկալերէնը։ Նորակազմ Կառավարութիւնը սակայն որպէս Պետական լեզու կը հռչակէ միայն Ուրտու լեզուն, հակառակ որ Պենկալերէնը միլիոնաւոր մարդոց համար Մայրենի Լեզու էր։ 

1952 ողբերգական դէպքերու հետևանքով ու ատկէ ետք տարածուած զանգուածային բողոքներու ու ցոյցերու բերումով 1956 թուականին Պենկալերէնը եւս կ՛ընդունի պետական լեզուի կարգավիճակ եւ 1971-ին այդ պայքարի հետեւանքով կը ստեղծուի այսօրուան Պանկլատէշի Պետութիւնը։ 

Վերջին տարիներուն նաեւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ կը նշուի այս Օրը եւ ողջունելի աւանդութիւն դարձած է, որ Հանրապետութեան Նախագահը հանդիսաւոր ուղերձ նուիրէ Մայրենիի միջազգային օրուան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 08:43