2019.07.24 Kalousd Gulbenkian 2019.07.24 Kalousd Gulbenkian 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Յայտարարէ երեք նոր ծրագիրներ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը պիտի համագործակցի տեղական, ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Լիբանանին ուղղուած իր ռազմավարութեան ծիրին մէջ մշակած է կրթական համակարգին վերաբերող երեք նոր ծրագիրներ: Առաջին ծրագիրը «Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիր»-ն է, որ բաց է Լիբանանի բոլոր հայկական դպրոցներուն: Անոր հիմնական նպատակն է օժանդակել դպրոցներուն, որպէսզի կարենան իրենց մանկավարժական համակարգը բարեփոխել` շեշտը դնելով արեւմտահայերէնի որակեալ ուսուցումին վրայ:

Երկրորդ ծրագիրը «Ուսուցիչներու շարունակական ուսումնառութեան ծրագիր»-ն է, որ ուղղուած է արեւմտահայերէնով այլազան նիւթեր դասաւանդող բոլոր ուսուցիչներուն: Հիմնարկութիւնը կը փափաքի կենսական բարեփոխումներու մղիչ ուժ մը ըլլալ` ուսուցիչներու վերաբերող ներդրումներ ընելով:

Երրորդ ծրագիրը «Հայերէնի օժանդակ դասընթացքի ծրագիր»-ն է, որուն հիմնական նպատակն է բարելաւել մասնակցողներուն լեզուամտածողութիւնը:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը պիտի համագործակցի տեղական, ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ` հիմնական նպատակ ունենալով մասնակցողներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծողական եւ քննական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը` արեւմտահայերէնով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ կայքէջէն` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 08:39