Արցախի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 127% Արցախի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 127% 

2019-ին Արցախի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 127%

Արցախի տնտեսութեան զարգացումը միշտ ալ ընթացած է առարկայական եւ ենթակայական գործօններով պայմանաւորուած որոշ սահմանափակումներով:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ամփոփած է ԱՀ 2019 թուականի ընկերային-տնտեսական վիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Մանուշ Մինասեան ըսած է, որ Արցախի տնտեսութեան զարգացումը միշտ ալ ընթացած է առարկայական եւ ենթակայական գործօններով պայմանաւորուած որոշ սահմանափակումներով:

«Այդուհանդերձ, վերջին 13 տարիներուն ընթացքին, հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է տարեկան միջին 10.4 % աճ: Համախառն ներքին արդիւնքը անուանական առումով աճած է 4.8 անգամ: Աճի այս ցուցանիշները ձեռք բերուած են տնտեսութեան հիմնական ճիւղերու մէջ արձանագրուած դրական տեղաշարժերու հետեւանքով»,- նշած է Մ. Մինասեան:

Անոր խօսքով՝ 2019 Դեկտեմբերին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը (ՏԱՑ), 2018-ի Դեկտեմբերի համեմատ, կազմած է 127 %, 2019 Նոյեմբերի համեմատ` 145.7 %, իսկ 2019 Յունուար-Դեկտեմբերին (աճողական)` 2018 Յունուար-Դեկտեմբերի համեմատ` 111.2 %: Անցեալ տարի համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) Արցախի մէջ կազմած է 342.5 միլիառ դրամ` 2018 310.3 միլիառ դրամի փոխարէն:

«ՀՆԱ-ի յաւելաճի ընթացքը կազմած է 110.3 %: 2019-ին մէկ շունչին հասնող ՀՆԱ-ն, ընթացիկ գիներով, կազմած է 2307.6 հազ. դրամ, 4803. ԱՄՆ տոլար կամ 4289.2 եւրօ` 2018-ի 2103.3 հազ. դրամի կամ 4354.7 ԱՄՆ տոլարի եւ 3685.3 եւրոյի դիմաց: ՀՆԱ-ի արձանագրուած 10.3 % յաւելաճի ընթացքի 5.4 տոկոսային կէտը ապահոված է առեւտուր եւ ծառայութիւնները, 4.4 տոկոսային կէտը՝ արդիւնաբերութիւնը, ներառեալ ուժանիւթը, 2.2 տոկոսային կէտը` շինարարութիւնը»,- մանրամասնած է Մ. Մինասեան:

Մամուլի ասուլիսին ԱՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան խորհուրդի նախագահը պատասխանած է լրագրողներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 08:56