Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

Միջազգային միջեկեղեցական համագումարը իր աւարտին հասաւ Անթիլիասի մէջ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջեկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել

Կիրակի օր երեք օր շարունակ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին: Յայտնենք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջեկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել` համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Երեք օր շարունակ յիշեալ նիւթին շուրջ երկար տարիներու միջեկեղեցական ծառայութիւն ունեցող 30 անձեր քննարկումներ կատարեցին վեհափառ հայրապետին տուած դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու ու շրջանային խորհուրդներու մօտեցումները պարզող զեկուցումներուն լոյսին տակ: Ապա, միջեկեղեցական շարժումին ապագային նկատմամբ իր տեակէտները ներկայացուց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ք. Ռայզըրը:

Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը, որ երկար քննարկումէ ետք որդեգրուեցաւ: Նկատի ունենալով կատարուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը` որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին: Համագումարը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական շարժումի պատմութեան այս վճռական փուլին իր կողմէ առնուած այս կարեւոր քայլին համար եւ առաջարկեց, որ յառաջիկային եւս նման նախաձեռնութիւններու դիմէ վեհափառ հայրապետը` նկատի ունենալով իր հարուստ փորձառութինը եւ միջեկեղեցական շարժումի կենսական կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2020, 08:30