Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս սքեմառութեան արարողութիւն Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս սքեմառութեան արարողութիւն  

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս սքեմառութեան արարողութիւն։

Սքեմառութեան արարողութեամբ սկիզբ առաւ նորընծայութեան կանոնական տարին։

Մխիթարեան Միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ կ՚աւետէ որ Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020ին, Ս. Ղազար Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11ին, յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ սքեմառութեան արարողութիւն չորս հայցող եղբայրներուն՝ Եղբ. Կորիւն Ճէնանեանի, Եղբ. Մաշտոց Օհանեանի, Եղբ. Յովհաննէս Մանուկեանի եւ Եղբ. Միքայէլ Մուրատեանի, ձեռամբ Գերշ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, Միաբան հայրերու մասնակցութեամբ եւ հայրենակիցներու ու բարեկամներու ներկայութեամբ, որով սկիզբ առաւ նորընծայութեան կանոնական տարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2020, 09:03