Կորոնավարակ Կորոնավարակ 

Հայաստան ստացած է Կորոնավարակի ախտորոշման տարրալուծական փորձարկիչներ:

Հայաստան բերուած է 200 փորձարկիչ, որ տրամադրուած է Ռուսական կողմէն’ անվճար:

Հայաստան ստացած է կորոնավարակի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչներ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Քիչ առաջ ստացանք կորոնավարակի ախտորոշման տարրալուծական փորձարկիչները: Անոնք շատ կարեւոր են հիւանդութեան կանխարգիլման եւ բուժման համար: Մինչ օրս հիւանդութեան բնորոշ ախտանիշներով հիւանդներ չենք ունեցած, սակայն այսուհետեւ պիտի կարենանք կասկածելի պարագաներուն նաեւ տարրալուծական ստուգում ընել: Մնացած բոլոր հակահամաճարակային աշխատանքները պատշաճ կ՛իրականացուին»,-նշած է Արսէն Թորոսեան:

Նոր տեսակի կորոնավարակով հիւանդներուն թիւը աշխարհի մէջ կ՛անցնի 14 հազարը: Մահացած է աւելի քան 300 մարդ: Մահուան առաջին դէպքը տեղի ուենցած է Չինաստանէն դուրս` Ֆիլիփիններու մէջ: Մահացածը չինական Ուհան նահանգնէն էր, որ կը համարուի վարակի կեդրոնին:

Հայաստան բերուած է 200 փորձարկիչ, որ տրամադրուած է Ռուսական կողմէն’ անվճար:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 10:54