Երեւանէն առնուած լուսանկար Երեւանէն առնուած լուսանկար 

Ջանքեր՝ «Քորոնա» ժահրի Հայաստան ներթափանցումը կանխարգիլելու:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ներկայիս ամէն բան վերահսկողութեան տակ է, եւ Հայաստան կ՛ապրի «իր առօրեայ կեանքով»:

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 27 Փետրուարի կառավարութեան նիստին յայտնեց, որ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի «Քորոնա» ժահրի Հայաստան ներթափանցումը կարելի ըլլայ կանխարգիլել։

«Իրանի հետ ուղեւորահոսքի սահմանափակումից յետոյ, երէկ՝ Փետրուարի 26ին, Իրանից Հայաստան է վերադարձել 52 հոգի, խօսքը մեր հայրենակիցների մասին է: Նրանց ուղեկցել է մեր աշխատակիցը: Նա յատուկ մեկնել էր տեղում պարզելու՝ կայ արդեօք պացիենտ (հիւանդ-Խմբ.), որին պէտք է Երեւանում դիմաւորենք: Նման դէպք չէր արձանագրուել: Բոլորն այդ պահին առողջ են եղել: Երեւանում էլ է զննում կատարուել», մանրամասնեց նախարարը:

Թորոսեան ներկայացուց զննման մեթոտները՝ նշելով, որ համաճարակաբանութեան եւ հիւանդութեան կանխարգիլման տեսանկիւնէն կիրարկուածէն բացի, առաւել արդիւնաւէտ մեթոտներ աշխարհի մէջ չկան պարզապէս, իսկ Հայաստան կը հետեւի, որպէսզի կարելի ըլլայ նորագոյն հետազօտական կարելիութիւնները ձեռք բերել։

Ան անդրադարձաւ Վրաստանի մէջ ժահրով վարակուած անձի մը բացայայտման՝ նշելով, որ ինք կապուած է վրացի իր պաշտօնակիցին հետ եւ տեղեկացած, որ ենթական դուրսէն եկածէ, ուրեմն Վրաստանի մէջ վարակի տարածման դէպք չկայ. կարելի եղած է այդ անձին մօտ ժահրի գոյութիւնը ստուգել եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ներկայիս ամէն բան վերահսկողութեան տակ է, եւ Հայաստան կ՛ապրի «իր առօրեայ կեանքով»: «Եթէ անհանգստացնող տեղեկատուութիւն լինի, այն կը հանրայնացուի: Բանակում եւս կանխարգելիչ լուրջ միջոցառումներ են ձեռնարկուել: Յոյս ունեմ, որ Իրանում ձեռնարկուող միջոցառումները արդիւնաւէտ կը լինեն, եւ մենք կը կարողանանք կարճ ժամանակում վերականգնել նրանց հետ մեր բնականոն հաղորդակցութիւնը», ըսաւ վարչապետը:

Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ յորդորելով Հայաստանի քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափելու Իրան, Չինաստան, Ճափոն, Քորէա եւ Իտալիա այցելելէ, բացի չափազանց անհրաժեշտ պարագայի։ Նախարարութիւնը նշեց, որ այցելելու պարագային պէտք է անպայման հետեւիլ առողջապահութեան նախարարութեան կամ տուեալ երկրի համապատասխան իշխանութիւններու ցուցմունքներուն եւ խորհուրդներուն։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 08:00