Իրանի  հայութեան երկու պատգամաւորներուն լուսանկարը: Իրանի հայութեան երկու պատգամաւորներուն լուսանկարը: 

Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորեց Իրանի հայութեան նորընտիր պատգամաւորները

Երկու պատգամաւորները Իրանի հայութեան կեանքի գործօն մասնակցութիւն բերած են անդամակցելով զանազան մարմիններու:

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ նորընտիր պատգամաւորներու ուղղած իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, որ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Արա Շահուերդեանը, իսկ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Ռոպերդ Բեգլարեանը: Երկու պատգամաւորները Իրանի հայութեան կեանքի գործօն մասնակցութիւն բերած են անդամակցելով զանազան մարմիններու: Անոնք նաեւ մասնակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային ժողովներուն:

Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորական նամակին մէջ մաղթեց, որ նորընտիր պատգամաւորները վերանորոգ նուիրումով իրենց նպաստը բերեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յառաջդիմութեան եւ Իրանի հայութեան կեանքի առաւել ծաղկման:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 08:00