Ձեռագրութիւն Ձեռագրութիւն  

Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանէն ներս կը կազմակերպուին Գրաբարի եւ Արեւմտահայերէնի դասընթացներ

Դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու բարձր դասարաններու գերազանց կամ լաւ սորվող աշակերտներ, համալսարաններու ուսանողներ, ուսումնական հաստատութիւններու մէջ աշխատող ուսուցիչներ` որակաւորման բարձրացման նպատակով

Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետհաւատարմագրուած համալսարանին մէջ գործող «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութէան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-էն ներս, Մարտի 2-էն պիտի սկսին գրաբար եւ արեւմտահայերէն (առցանց), արեւմտահայ գրականութիւն, հայկական հարցի պատմութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն առարկաներու անվճար հիմունքներով եռամսեայ դասընթացները: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Ամալիա Գրիգորեանի տեղեկութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Գրիգորեանի խօսքով՝ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու բարձր դասարաններու գերազանց կամ լաւ սորվող աշակերտներ, համալսարաններու ուսանողներ, ուսումնական հաստատութիւններու մէջ աշխատող ուսուցիչներ` որակաւորման բարձրացման նպատակով:

«Ուսումնառութեան եւ դասաւանդման մեթոտները կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն: Դասախօսութիւններով հադես պիտի գան Արցախի եւ արտերկրի լաւագոյն մասնագէտներ, գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի փորձառու գործիչներ, նշանաւոր դէմքեր: Եռամսեայ դասընթացներու շրջանաւարտները Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետհաւատարմագրուած համալսարանին կողմէ պիտի ստանան համապատասխան վկայական: Ի դէպ, նման դասընթացներ կը կազմակերպուին միայն մեր համալսարանին մէջ»,- նշած է Ա. Գրիգորեան եւ աւելցուցած, որ դասընթացները կը կազմակերպուին երրորդ տարին անընդմէջ:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ փափաքողները կրնան մինչեւ Փետրուարի վերջը դիմում ներկայացնել Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի ղեկավարութեան անունով: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (047) 94-18-59, (047)94-14-29, (097) 30-89-86 թիւերուն:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2020, 08:47