Եազիժի պատրիարքը Եազիժի պատրիարքը 

Եազիժի Պատրիարք. «Մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ պաշտպանել արեւելքի իրաւացի դատերը»:

Պատրիարքը կոչ ուղղեց ժողովուրդին չհաւատալու բոլոր այն հեքիաթներուն, որոնց պատճառով եկեղեցիին հանդէպ իրենց վստահութիւնը կը խախտի:
Ունկնդրէ լուրը

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Անտիոքի իրենց եկեղեցին իրաւունքին տէր պիտի կանգնի եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել Արեւելքի իրաւացի դատերը:

Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին չհաւատալու բոլոր այն հեքիաթներուն, որոնց պատճառով եկեղեցիին հանդէպ իրենց վստահութիւնը կը խախտի:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն լիբանանցիները փրկելու իրենց դիմագրաւած տագնապէն` հաստատելով, որ ժողովուրդը անօթի է, եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենց աշխատավարձերը չեն ստանար:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 09:05