Անկախութեան տարիներուն Հայաստանը լքած  աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի Անկախութեան տարիներուն Հայաստանը լքած աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի 

Անկախութեան տարիներուն Հայաստանը լքած է աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի։

Միայն 2008-2017 թուականներու ընթացքին երկրէն հեռացած են 200.000, հիմնականօրէն, աշխատունակ, մտածող եւ, համապատասխանաբար, ապահովուած քաղաքացիներ։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ժողովրդագրութեան բաժնի ղեկավար Արտակ Մարկոսեան «Արմինֆօ»-ին յայտնած է, որ Անկախութեան տարիներուն՝ 1991-էն 2018 Հայաստանը լքած է շուրջ 1,1 միլիոն հոգի։

«Միայն 2008-2017 թուականներու ընթացքին երկրէն հեռացած են 200.000, հիմնականօրէն, աշխատունակ, մտածող եւ, համապատասխանաբար, ապահովուած քաղաքացիներ։ Ասիկա ցոյց կու տայ այն մասին, որ մարդոց արտագաղթի մասին մտածելու դրդող խնդիրները բնաւ չեն յանգած ընկերային բնոյթի խնդիրներու։ Մարդիկ, պարզապէս, իրենց ապագան Հայաստանի հետ չեն կապած։ Եւ այսօր, երբ իրավիճակը այս առումով կը սկսի փոխուելու, խիստ անհրաժեշտ է նման միտումները ամրապնդել, իրականացնելով բարեփոխումներ, ստեղծելով աշխատատեղեր ու նախադրեալներ՝ աշխատավարձերու շարունակական աճի համար»,- ընդգծած է ան։

Մարկոսեանի գնահատմամբ՝ ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման ուղղուած են 2020-ին նախաձեռնուած ծրագրերը, անոնք նաեւ կը նպաստեն տնտեսական աճին: Վերջինս, իր հերթին, պիտի նպաստէ հետագային երկրին մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման։

Որպէս նման շղթայի օղակներու արդիւնաւէտ գործակցութեան օրինակ Մարկոսեան նշած է երրորդ երախայ ունենալ ցանկացող ընտանիքներուն՝ յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու պետութեան հեռանկարը:

Մարկոսեան համոզուած է, որ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրները կարելի է լուծել այսպէս ծնունդներու թիւի բարձրացումով, տնտեսական աճի եւ արտագաղթի մակարդակի էական նուազումի համադրումով։ Ըստ անոր՝ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ մեծ ծաւալի աշխատանքներ կը կատարուին, մասնաւորապէս՝ ծնունդներու թիւի բարձրացման խնդրի լուծման առնչութեամբ։

«Օրինակ, գիւղերու մէջ աշխատող մայրերուն պետութեան աջակցութիւնը կը յանգէր առաջին երեխայի ծննդեան միանուագ 50 հազար դրամ նպաստին։ Այսօր այդ գումարը աւելցած է 6 անգամ։ Ատոր գումարած՝ գիւղացիները 2 տարուան մէջ մէկ երեխայի համար պիտի ստանան աւելի քան 900 հազար դրամ։ Դա շատ լուրջ օգնութիւն է, եւ ծնելիութեան բարձրացման աջակցութեան, խթանման ուղղութեամբ նման աշխատանքներ իրականացնելը պէտք է հետեւողականօրէն խորացնել»,- եզրափակած է ժողովրդագրագէտը։

2019 Յունուար 1-ի տուեալներով՝ Հայաստանի բնակչութեան թիւն էր 2 միլիոն 965 հազար 100 հոգի։ 2018-ին այդ թիւը 2 միլիոն 972 հազար 700 էր։ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներուն համաձայն՝ առկայ ժողովրդագրական եւ գաղթի միտումներու պահպանման պարագային՝ Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2100 թուականին կրնայ իջնել մինչեւ 2 միլիոնի։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 08:00