Արցախ Արցախ 

Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է 46.7%-ով։

Ռուսիոյ Դաշնութենէն Արցախ ժամանած է 19,160 քաղաքացի, ԱՄՆ-էն` 7527, Ֆրանսայէն` 1661

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 2019ի Յունուարէն Դեկտեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութիւն այցելած են 41 հազար 963 օտար զբօսաշրջիկներ՝ գերազանցելով նախորդ տարուան ցուցանիշը (28588) 13375ով կամ 46.7 տոկոսով:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս տուեալները ներկայացուց Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ հաստատելով, որ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ լաւ ցուցանիշներ արձանագրուած են։

Պանդոկներու թիւը աւելցած է 29ով՝ կազմելով 92 կառոյց՝ 1930 մահճակալով: Վերջին տասը տարիներուն պանդոկներուն եւ կացարաններուն թիւը աւելցած է 5.3 անգամով՝ 17էն հասնելով 92ի: 2019ի Յունիսէն Սեպտեմբեր «Tourist bus» ծառայութենէն օգտուած են 2254 անձեր: Արցախի գրաւչութիւնները ներկայացուած են միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսներուն:

Լ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ պատմամշակութային յուշարձաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանման ու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ շարունակուած են յուշարձաններու պեղման-ուսումնասիրման, վկայագրման եւ պահպանական գօտիներու կազմութեան աշխատանքները: Շարունակուած են պեղման-ուսումնասիրման աշխատանքները «Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցի տարածքին, Մարտունիի շրջանի Բերդաշէն գիւղին, Քաշաթաղի շրջանի Միրիկ գիւղի տարածքին՝ Միրիկի ամրոցին մէջ: Մասնաւոր հատուածի կամ բարեգործական հիմնադրամներու աջակցութեամբ եւ ֆինանսաւորումով աւարտած կամ վերականգնման փուլին մէջ կը գտնուին հետեւեալ յուշարձաններ՝ Շուշիի Գոհար Աղա մզկիթը, Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի Ծաղկավանք եկեղեցին, Մարտակերտի շրջանի Երիցմանկանց վանքը, Մարտունիի շրջանի Ամարասի վանքի պարսպապատերու վերականգնումը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 08:35