Փորթօ Ռիքոյի մէջ երկրաշարժ Փորթօ Ռիքոյի մէջ երկրաշարժ 

100 տարուան ընթացքին հզօրագոյն երկրաշարժէն ետք. Փորթօ Ռիքօ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է։

Երկրաշարժին կեդրոնը գտնուած է հարաւային Փոնսէ քաղաքի ափերուն մօտ: Երկրաշարժին յաջորդած են 10-է աւելի յետցնցումներ:

Փորթօ Ռիքոյի նահանգապետ Վանտա Վասքեզ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է երեքշաբթի օր երկիրը հարուածած 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժէն ետք, որ կղզիին հարաւը առնուազն մէկ մարդու կեանք խլած է եւ հսկայական վնաս պատճառած: Այս երկրաշարժը կը նկատուի վերջին 100 տարուան ընթացքին ամէնէն ուժեղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»:

Միացեալ Նահանգներու Երկրաբանական ծառայութիւնը յայտնած է, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով առաւօտեան 4:24-ին:

Երկրաշարժին կեդրոնը գտնուած է հարաւային Փոնսէ քաղաքի ափերուն մօտ: Երկրաշարժին յաջորդած են 10-է աւելի յետցնցումներ:

Բրիտանական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կղզիին վրայ երկրաշարժներ տեղի կ՛ունենան 28 դեկտեմբերէն ի վեր, սակայն երեքշաբթի արձանագրուած երկրաշարժը հզօրագոյնն ու ամէնէն աւերիչը եղած է:

Կղզիին ելեկտրամատակարարման վարչութիւնը յայտարարած է, որ երկրաշարժը յանգեցուցած է ելեկտրական ցանցի մեքենայական անջատման: Անիկա երկու տարի առաջ խիստ վնասուած էր «Մարիա» փոթորիկէն:

Մեծագոյն վնասը հասցուած է հարաւարեւմտեան ափին վրայ գտնուող քաղաքներուն, որոնց կարգին Փոնսէին, Կուայանիլիային եւ Կուանիքային:

Վասքեզ յայտարարած է, որ 130 միլիոն տոլար ֆինանսաւորում պիտի յատկացուի երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 08:00