Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն 

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբը բժշկական պարագաներ յանձնեց Հալէպի հիւանդանոցին:

Սուրիական կողմը անգամ մը եւս անդրադարձած է հայկական մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի գործունէութեան կարեւորութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնած:

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող Հայաստանի խումբին մասնագէտները 16 յունուարին Հալէպի հիւանդանոցին յանձնեցին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: Այս մասին յայտնեց Մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:

Սուրիական կողմը անգամ մը եւս անդրադարձած է հայկական մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի գործունէութեան կարեւորութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնած: Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի բժիշկները 2019 թուականի 8 փետրուարէն մինչեւ 6 յունուար 2020 հետազօտած եւ բուժած են 13 հազար 680 հիւանդ: Սակրաւորները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:

Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 08:30