Սերգէյ Խաչատրեան Սերգէյ Խաչատրեան 

Սերգէյ Խաչատրեան ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ:

Ջութակահարը պարգեւատրելու արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիեննայի մէջ, Յունուար 18-ին:

Համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած հայ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան ստացած է զուիցերիական Credit Swiss դրամատան ամենամեայ մրցանակը` ճանչցուելով «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով  novostink.ru կայքը։

Ունկնդրէ լուրը

Ջութակահարը պարգեւատրելու արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիեննայի մէջ, Յունուար 18-ին: Ժիւրիի կազմը գլխաւորած է Լիւցեռնի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Միխայիլ Կաֆլիկերը:

Միաժամանակ Սերգէյ Խաչատրեան արժանացած է նաեւ մրցանակի` զուիցերիական  75 հազար ֆրանկ գումարի չափով, որ երաժշտական բնագաւառի մէջ «ամենասուղ» մրցանակներէն մէկն է: Մրցանակը նաեւ կ՝ենթադրէ, որ ջութակահարը պիտի մասնակցի Վիեննայի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ համերգի: Անիկա Կուսդաւօ Տուտամելիայի ղեկավարութեամբ պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 13-ին: Google+ համակարգին մէջ զուիցերիական դրամատան վերջին հրապարակային գրուածքը կը վերաբերի հայ երիտասարդ երաժիշտին. զայն շնորհաւորած են յաջողութեան ու կոչման արժանանալու համար:

Սերգէյ Խաչատրեանի վերջին համերգը Երեւանի մէջ կայացած է 2013 Սեպտեմբեր 15-ին, երբ ան «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ: Սերգէյ Խաչատրեան կը նուագէ 1740-ին Ճ.Կուարներիի ստեղծած «Իզա»-ի ջութակով, որ անոր սիրով տրամադրած է ճափոնական Nippon երաժշտական հիմնադրամը: Համերգի նախօրէին հրաւիրուած ասուլիսին՝ Խաչատրեան խոստովանած էր, որ սեփական ժողովուրդին համար նուագելը իւրայատուկ զգացողութիւն է, որ այլ բեմերու վրայ հնարաւոր չէ ապրիլ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2020, 08:42