Որոնել

Տօնակատարութենէն առնուած լուսանկար Տօնակատարութենէն առնուած լուսանկար 

Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքը, առաջին անգամ ըլլալով յատուկ տօնակատարութեամբ նշեց վարժարանիս՝ Սրբ. Ագնէսի անուանակոչութիւնը:

Տօնին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս Ասատուրեան Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական թեմին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Կազմակերպութեամբ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի տնօրէնութեան,  Ուրբաթ 24 Յունուար 2020-ին Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքը, առաջին անգամ ըլլալով յատուկ տօնակատարութեամբ նշեց վարժարանիս՝ Սրբ. Ագնէսի անուանակոչութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Տօնին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս Ասատուրեան Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական թեմին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ․

Պատարագին նորկայ էին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մայր՝ քոյր  Արուսեակ Սաճոնեան, առաքինազարդ քոյրեր, տնօրէնուհի՝ տիկին Սիրան Ագրապեան –Պաղտասարեան, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններ, հիւրեր, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, աշակերտներ, նախկին ագնէսականներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը:

Վարժարանիս աշակերտները power point-ի ընկերակցութեամբ երեք լեզուներով ներկայացուցին Սրբուհիին Վարքը, ապա Գէորգ Քէշիշեան տուտուկ ներկաներուն հրամցուց երաժշտական երկու կտորներ -Ողջոյն Քեզ Մարիամ եւ Սրբուհի Մարիամ Սափոր Ոսկի:

Վարժարանիս երգչախումբը նաեւ ունեցաւ իր մասնակցութիւնը ղեկավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, ներկաներուն հրամցնելով փունջ մը հոգեւոր  երգեր, ինչպէս –Ողջոյն Քեզ Անարատ Յղացեալ ,Մեծացուսցէ եւ Առ Ընկալ զիս քեզ,իսկ վերջաւորութեան հնչեցուցին վարժարանիս վերամշակուած քայլերգը: Արաբերէն լեզուով խօսք առաւ վարժարանիս ուսուցիչ Պրն.Ժորժ Պիթար, որմէ ետք Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սիրան Ագրապեան ներկաներուն փոխանցեց իր  սրտի խօսքը։

Ան դիտել տուաւ թէ այս օրը մեծ ուրախութեան առիթ է որովհետեւ վարժարանին պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կը նշուի դպրոցի պաշտպան Սրբուհիին՝ Սրբուհի Ագնէսի տօնը․ Ան նաեւ յոյս յայտնեց սր Սրբուհին իր բարեխօսութեամբ բարեբեր օրեր կը բերէ իրեն իրեն շատ սիրելի վարժարանին համար։

Տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին երբ Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբի ընկերակցութեամբ ներկաները Սրբուհի Ագնէսի արձանը թափօրով փոխադրեցին  Սրբուհի Ագնէս Վարժարան, ուր տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Թղթակցութիւն Սրբուհի Ագնէս Վարժարանէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2020, 12:09