Հայ գիտնականը զէնքերու տարածման արգելք ըլլալու աշխատանքին համար մեծարուեցաւ Հայ գիտնականը զէնքերու տարածման արգելք ըլլալու աշխատանքին համար մեծարուեցաւ 

Հայ գիտնականը զէնքերու տարածման արգելք ըլլալու աշխատանքին համար մեծարուեցաւ

«Տարուան Մարդ»ը մրցանակին արժանի նկատուեցան «Զէնքերը հակակշռելու ընկերակցութեան» կողմէ։

Մեսեչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) գիտնականներէն հայազգի Արեգ Դանակիւլեան եւ անոր աշխատախումբը «Տարուան Մարդ»ը մրցանակին արժանի նկատուեցան «Զէնքերը հակակշռելու ընկերակցութեան» կողմէ։ Այս մրցանակը կը տրուի այն անձերուն կամ հիմնարկութիւններուն, որոնք շօշափելի գործ կը տեսնեն զէնքերը հակակշռելու կամ զէնքերու տարածումին արգելք ըլլալու գործերուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Հայազգի գիտնականը այս մրցանակին արժանի նկատուեցաւ մասնաւորաբար անոր համար, որ ան նիւթրոնի ճառագայթներու օգնութեամբ նորութիւններ ստեղծած է հիւէլէական զինանիւթերը հակակշռելու ու անոնց տարածման արգելք ըլլալու մարզերուն մէջ։

Քուէարկութիւնը իրականացած էր 12 Դեկտեմբերէն 9 Յունուարի միջեւ եւ Արեգ Դանակիւլեան ու իր աշխատախումբը ընտրուեցան, իրենց ետին ձգելով միւս թեկնածուները, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 13:15