Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Ամէն մարդ կ՛ըսէ թէ գիշեր է…

Գիշերն ու ցերեկը իրենց երեւելի կամ զգալի հասկացութիւններէն տարբեր, ունին նաեւ փոխաբերական իմաստներ:

Աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր, երբ Աստուած գիշերն ու ցերեկը լուսաւորող լուսատուներ դրաւ երկինքին մէջ, ապրող ամէն արարած սորվեցաւ թէ գիշերը ի՛նչ է եւ ցերեկը՝ ինչ: Բառացիօրէն հասկնալէ աւելի, գիշերն ու ցերեկը մարդ կրնայ զգալ մութ ու լոյսի տարբերութենէն դատելով: Դեռ աւելին, ապրող բոլոր էակները հանգիստի ժամ ունենալու ստիպողութեան առջեւ կը գտնուին, որով դարձեալ կը շեշտուի օրուան տասներկու ժամին կամ կիսուն կարեւորութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Գիշերը,  ընդհանրապէս բոլորին կողմէ հանգիստի ժամ ընդունուած է, ի բացառեալ անոնց համար որոնք պարտադրաբար գիշերային ժամերուն կը գործեն։ «Գիշերուան քունը տարբեր է» կ՛ըսեն անոնք, անգամ մը եւս հաստատելով ՝՝աստուածահաստատ օրէնքը գիշեր-ցերեկի՝՝ որուն մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին Ստեղծագործութեան գլխուն մէջ:

Գիշերն ու ցերեկը իրենց երեւելի կամ զգալի հասկացութիւններէն տարբեր, ունին նաեւ փոխաբերական իմաստներ: Այսպէս, գիշերը կամ խաւարը՝ վտանգի, չարի, փորձանքի եւ այլ նմանօրինակ իմաստներով կը պատկերանայ մեր միտքին մէջ, իսկ ցերեկը՝ լոյսի, ճշմարտութեան, բարութեան, բացայայտումի եւ այլ դրական իմաստներով:

Աւետարանին Յիսուս ՝՝Որոմներու՝՝ առակին միջոցաւ կը հաստատէ վերոյիշեալ պատկերացումը գիշեր-ցերեկի մասին:

Իր պատմած առակին մէջ Յիսուս կ՛ըսէ, թշնամին գիշեր ատեն եկաւ եւ լաւ սերմ ցանուած արտին մէջ որոմ ցանեց: Ինչո՞ւ գիշեր ատեն: Այն պահուն, երբ մութ է ու համատարած խաւար: Այսինքն, ընդհանուր տեսանելիութիւնը տկար է, եւ չարիք գործողը կրնայ ծածկուիլ ուրիշներու տեսողութենէն: Մինչդեռ Ան իր հետեւորդները «լոյսի որդիներ» կ՛անուանէ, այսինքն ճշմարտութեան հետամուտ եւ ի վերջոյ ճշմարտութեան հասանելիութիւն ունենալու կոչուած անձեր: Որովհետեւ Լոյսը Աստուած ինք է, եւ իսկական ճշմարտութիւնը միայն Աստուծոյ քով կը գտնուի:

Աւազակները երբ գողութիւն պիտի ընեն, ընդհանրապէս օրուան մութ ժամանակը կը նախընտրեն, որպէսզի հարկ եղած պարագային շուտով կարենան անհետանալ հետապնդողներու տեսողութենէն, խաւարին մէջ ծածկուելով: Միւս կողմէ, անոնք որոնց գործին աւազակութիւն չէ՛ խառնուած եւ իրենց ճակտի արդար քրտինքով իրենց հացը կը վաստակին, անոնք բնա՛ւ չեն ուզեր «խաւարին մէջ գործել»:

Զարմանալին այն է, որ այդ խաւարի մէջ գործող մարդոցմէ ոմանք բախտի բերմամբ ծնունդով, այսինքն բնաւորութեամբ արդար մարդիկ կ՛ըլլան, որոնք շրջապատի ճնշման տակ կը պարտաւորուին ըսել կամ ընել իրենց չուզածը…

Մարդիկ –ինչպէս ըսինք- շատ լաւ գիտեն ցերեկին եւ գիշերին տարբերութիւնը: Ոմանք պարտադրաբար ուրանալու իրավիճակին մէջ կը յայտնուին, չկարենալով դիմադրել այն ուժեղ հոսանքին, ու չտոկալով պարզուած տգեղ եւ վնասակար երեւոյթին, ան վրդովուած կ՛ըսէ.

«Ամէն մարդ կ՛ըսէ թէ գիշեր է, մինչդեռ ցերեկ է. ես ստիպուա՞ծ եմ նոյնը ըսելու…»։

Այսպիսի երկընտրանքներու մէջ միամտօրէն յայտնուող մարդիկ ուղղակի երկու սուրերու հատու շեղբերուն մէջ կը զգան իրենք իրենց դժբախտ անձը, դիմելով զիրենք փրկելու կարողութիւն ունեցող մարդոց: Սակայն երբեմն այնքան խոր կ՛ըլլայ այն հորը, որուն մէջ ինկած են անոնք, որ կարելի չըլլար անոնց թեւէն բռնելով կամ պարան մը նետելով դուրս բերել զիրենք այդ խորխորատէն:

Կասկած ունի՞նք արդեօք, որ վերոյիշեալ մարդը չի՛ գիտեր ցերեկին եւ գիշերին տարբերութիւնը: Բնա՛ւ, երբե՛ք: Իր արտասանած խօսքը ինքնին վկայութիւն է, որ ան շատ լաւ հասկցած է այդ երկու իրավիճակներուն տարբերութիւն: Թերեւս սովորական մարդէ մը աւելի՛ ըմբռնած է ան այդ երկուքին տարբերութիւնը: Որովհետեւ մարդ մինչեւ որ խաւարին մէջ գողերու չհանդիպի, չի՛ կրնար այդքան լաւ հասկնալ գիշերուան վտանգաւոր ըլլալը: Մութը այլեւս իրեն համար իսկական հոմանիշը կը դառնայ փորձանքին, որուն դիմաց կանգնած՝ աչք-աչքի նայած է ան մէյ մը: Ատկէ ետք, երբ վախազդու գազանին աչքերուն մէջ նայելով անոր կատաղութիւնը տեսած է ան, նոյնիսկ երազին մէջ կը ցնցուի, երբ նոյն սարսափելի տեսարանը պարզուի իր երեւակայութեան լուսեղէն պաստառին վրայ: Նման անձեր կարիք ունին օգնականներու՝ հոգեբան եւ մինչեւ իսկ հոգեբոյժ, որպէսզի կարողանան դուրս գալ հոգեկան այս դժուար դրութենէն կամ մարդկային ողբերգութենէն:

Գիշերի եւ ցերեկի տարբերութիւնը եթէ գիտես (վստահ որ գիտես), անվախօրէն յայտարարէ, թէ օրուան ո՛ր կէսին մէջ կը գտնուինք: Վստահ իմացիր, որ եթէ ուրիշներու հետ օրուան գիշեր ըլլալը յայտարարես երբ ցերեկ է, քեզի ձայնակցողները վրադ պիտի ծիծաղին ծածկաբար, որովհետեւ իրենք գիտեն, թէ օրուան ցերեկ ժամերուն մէջ կը գտնուին: Միայն իրենց անձնական շահն է, որ չի՛ թոյլատրեր ճիշդը խօսիլը…

 

Գրիգոր Արք Չիֆթճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 13:21