Որոնել

Արտաշատ Արտաշատ 

Արտաշատի մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է հնագոյն ջրամատակարարման համակարգ:

Խոր Վիրապի հարեւանութեամբ սեփականաշնորհուած հողերի մէջ գտած են հսկայական պալատական շինութիւններ

Հնագիտութեան ասպարէզի 2019 թուականին կարեւոր  ձեռքբերումներ արձանագրուած են, Յունուար 15-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան`  ներկայացնելով նախորդ տարի տարբեր հնավայրերու մէջ կատարած պեղումներու արդիւնքները:

Ունկնդրէ լուրը

Անոր խօսքով` 2019-ին իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքով Արտաշատի մէջ յայտնաբերած են հնագոյն ջրամատակարարման համակարգի հսկայական հատուած, որ կը վերաբերի Հռոմէական շրջանին. «Ըստ էութեան, անոնք եղած են ջրանցքներ (աքուեդուկ): Ջրմատակարարման համակարգի տուեալ հատուածը կը զբաղեցնէ մօտ 1 քմ․ տարածք, որուն վրայ 20 ջրանցքներու հիմքեր բացուած են:

Անոր խօսքով` պատմական մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ վերջին 10-15 տարիներուն իրականացուած պեղումները կը վկայեն, որ ան լուրջ արքայանիստ քաղաք եղած է: 2020 թուականին, ըստ անոր, այստեղ պեղումները պիտի շարունակուեն, որպէսզի հասկնան, թէ այդ տարածքին մէջ ինչ պահպանուած է:

Պաւել Աւետիսեանը նշեց նաեւ, որ Խոր Վիրապի հարեւանութեամբ սեփականաշնորհուած հողերի մէջ գտած են հսկայական պալատական շինութիւններ, որոնց հիմքերը պահպանուել են: Ըստ նրա` պէտք է ծրագիրներ մշակեն եւ այս տարի արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛իրականացուին:

«Պէտք է հասկնանք, թէ այդ տարածքին մէջ ինչպէս պեղումներ պիտի իրականացնենք, քանի որ անոնք սեփականաշնորհուած հողեր են»,- ըսած է հնագէտը:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 08:32