Որոնել

Ռաի Պատրիաքը Ռաի Պատրիաքը 

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի ամէնէն տկար կէտը սահմանադրութիւնն է»:

«Ռայի պատրիարքը նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով սահմանադրութիւնը ճշդած է, որ անիկա կատարուի վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ համաձայնութեամբ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումէն ետք Քաաքի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցած են իրենց շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկած երկրին իրադարձութիւնները:

Քաաքի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է բոլորին գերազանցելու իրենց անձնական շահերը, որովհետեւ Լիբանանի շահերը կը գերադասեն բոլորը` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը ընդգծած է, որ Լիբանանի հիմնական հարցը տնտեսական է եւ քաղաքական:

«Ռայի պատրիարքը նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով սահմանադրութիւնը ճշդած է, որ անիկա կատարուի վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ համաձայնութեամբ: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ կառավարութեան կազմութեան կը մասնակցին քաղաքական ուժերը, ինչ որ սխալ է: Ցաւալի է, որ բոլորը հզօր դուրս կու գան, իսկ Լիբանանի ամէնէն տկար կէտը սահմանադրութիւնն է: Հետեւաբար վարչապետը պէտք է անշեղ մնայ իր պահանջէն եւ կեցուածքներէն», ըսաւ Քաաքի:

Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքը զգուշացուցած է, թէ Լիբանան վտանգի ենթակայ է` կոչ ուղղելով բոլորին միասնականութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները:

«Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականին մասին հարցումի մը պատասխանելով Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ հարցը մէկ անգամ արծարծուած է` աւելցնելով, որ այդ առումով իրենց կեցուածքը յստակ է. հանրապետութեան նախագահի հրաժարականը բացարձակապէս մերժելի է», ըսաւ Քաաքի:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2020, 08:56