Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը այցելած է Բեթղեհէմի Հայկական եկեղեցին: Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը այցելած է Բեթղեհէմի Հայկական եկեղեցին: 

Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը այցելած է Բեթղեհէմի Հայկական եկեղեցին:

Այցելութեան առիթով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան անունով գահաժառանգ Չարլզ իշխանին լուսարարապետ սրբազանը նուիրած է հայկական յախճապակեայ ափսէ

24 յունուարին Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը այցելած է Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի: Զայն դիմաւորած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան: Այս մասին Դիմատետրի էջով կը յայտնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութեան առիթով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան անունով գահաժառանգ Չարլզ իշխանին լուսարարապետ սրբազանը նուիրած է հայկական յախճապակեայ ափսէ: Սրբազան հայրը նաեւ խօսած է Սուրբ Երկրին մէջ հայկական ներկայութեան եւ իրականացուող առաքելութեան մասին:

Խօսքի աւարտին սրբազան հայրը յիշած է  նաեւ Հիթլերի յայտնի խօսքը` «Ով կը յիշէ հայերու ցեղասպանութիւնը», եւ յոյս յայտնած, որ արդարութիւնը կը յարգուի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 09:02