Եուսեֆ Ապսի Պատրիարք Եուսեֆ Ապսի Պատրիարք 

Եուսեֆ Ապսի Պատրիարքին գլխաւորած խորհրդակցական հանդիպումին պահանջուեցաւ յարանուանութեան արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Քննարկումի առարկայ դարձած է լիբանանեան ներկայ կացութիւնը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ` 20 յունուար 2020-ին պատրիարքարանին մէջ գլխաւորեց յոյն կաթողիկէ երեսփոխաններու խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ, Միշել Տահեր, Միշել Մուսա,  Նիքոլա Սահնաուի, Սելիմ Խուրի, Էտկար Մաալուֆ, իսկ անկէ բացակայեցան երեսփոխաններ Ալպեր Մանսուր (հիւանդութեան պատճառով) եւ Ժորժ Օքայս, որոնք պատրիարքը լիազօրեցին իրենց անունով արտայայտուելու:

Հանդիպումէն ետք մասնակիցներուն անունով հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ քննարկումի առարկայ դարձած է լիբանանեան ներկայ կացութիւնը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Անոնք շեշտեցին, որ պէտք է արդարութեամբ  մօտենալ համայնքներու ներկայացուցչութեան` հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան վրայ, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան պարագային: Ըստ հանդիպումի մասնակիցներուն, պէտք է որդեգրուի այնպիսի ձեւաչափ մը, որ հաւասարակշռութիւնը պահպանուի յարանուանութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յարգուին կառավարութեան կազմութեան առումով որդեգրուած աւանդութիւններն ու անգիր օրէնքները: Անոնք շեշտեցին, որ լաւապէս կը գիտակցին, թէ այս հարցը արգելք պիտի չըլլայ կառավարութեան կազմութեան, այլ պիտի դիւրացնէ այդ ընթացքը:

Ժողովականները լուսարձակի տակ առին նաեւ լիբանանեան տնտեսական ներկայ քայքայուող վիճակը, որ բաւական ծանր հետեւանքներու ահազանգ կը հնչեցնէ արդէն` շեշտելով, որ պէտք է կարելի եղածին չափ արագ կազմել կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել մարդոց տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական տագնապալի կացութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու` քաղաքացիներուն շահերուն եւ Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ դիտել տուին, որ իրենց համայնքը պիտի շարունակէ գործել չափաւորութեամբ` յոյս յայտնելով, որ բոլորը կը համախմբուին` Լիբանանը այս անել կացութենէն դուրս բերելու առաջադրանքով:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 08:45