Որոնել

Ռաի Պատրիաքը Ռաի Պատրիաքը 

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողները պատասխանատու են Համրայի Եւ Պէյրութի մագլցումներուն»:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան շտապ կառավարութիւն մը, որպէսզի յաջողի իր ստանձնելիք պարտականութեան մէջ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողները պատասխանատու են Համրայի ու Պէյրութի մագլցումներուն եւ մայրաքաղաքին մէջ արձանագրուած ամօթալի իրադարձութիւններուն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան շտապ կառավարութիւն մը, որպէսզի յաջողի իր ստանձնելիք պարտականութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ անցեալ շաբաթավերջին պատասխանեց լրագրող Նատիմ Քթէյշի կողմէ Ռայի պատրիարքին վերաբերող յայտարարութեան:

Քթէյշ դատապարտած էր Ռայի պատրիարքին կողմէ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջի մերժումը:

Ապու Քասմ խիստ ընդվզումով պատասխանեց Քթէյշի կատարած յայտարարութեան` հաստատելով, որ ան իրաւունք չունի Ռայի պատրիարքին մասին նման կեցուածք մը յայտարարելու: «Ո՛չ դուն եւ ո՛չ ալ պատասխանատուներդ իրաւունք ունին ազգային-կրօնական խորհրդանիշ նկատուող պատրիարքին մասին խօսելու: Ինչպիսի՞ լրագրող ես դուն: Ըստ երեւոյթին ո՛չ Լիբանանի պատմութեան եւ ո՛չ ալ Պքերքէի պատմութեան մասին բան գիտես», ըսաւ ան:

Մարոնիներու լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըր հաստատեց, որ ազգային եւ կրօնական հեղինակութիւնները թիրախ դարձնող նման յայտարարութիւններուն չ՛արժեր պատասխանել` աւելցնելով, որ անոնք մաղձ կը թափեն եւ սադրանքներ կը հրահրեն:

Երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազեն եւ Ֆարիտ Պուսթանի իրենց կարգին խստիւ դատապարտեցին Քթէյշի անդրադարձը` հաստատելով, որ Ռայի պատրիարքը լիբանանեան ազգային համերաշխութեան հիմնասիւներէն է:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2020, 08:42