Պերլինի եւ Թիրանայի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ պիտի բացուին Պերլինի եւ Թիրանայի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ պիտի բացուին 

Պերլինի եւ Թիրանայի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ պիտի բացուին:

Կեդրոնը պիտի գործէ Պերլինի արեւմտեան հատուածին՝ պատմական Շարլոթենպուրկ թաղամասին մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- 21 Յունուարին, ԹՈՒՄՕ Երեւանի եւ KFW դրամատան Պերլինի կեդրոնին մէջ զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ Պերլինի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադրութեան պայմանագիրի ստորագրման արարողութիւնը: Կեդրոնը պիտի գործէ Պերլինի արեւմտեան հատուածին՝ պատմական Շարլոթենպուրկ թաղամասին մէջ: Անոր բացումը նախատեսուած է այս տարուան Հոկտեմբերին: Արդի արհեստագիտութեան նուիրուած կեդրոնին մէջ, անվճար անդամակցելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան 1200 ուսանողներ:

Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններու անդամներ, երկու երկիրներուն մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի եւ KFW դրամատան ղեկավարներ:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ալպանիոյ բռնատէր Էնվեր Հոճային ի պատիւ կառուցուած համալիրը պիտի վերածուի կրթական եւ արուեստի կեդրոնի մը, որուն մօտաւորապէս կէսը պիտի դառնայ ԹՈՒՄՕի 7րդ մասնաճիւղը։

Ծրագիրին հովանաւորութիւնը ստանձնած են Ալպանիոյ կառավարութիւնը եւ Ալպանիաամերիկեան զարգացման հիմնարկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 09:17