Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 

Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար:

Կառավարութեան կազմութեան յայտարարութենէն առաջ եւ անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարները մերժեցին այս կառավարութիւնը եւս` յայտարարելով, որ անիկա իրենց փափաքածը չէ եւ զիրենք չի ներկայացներ:

21 Յունուար 2020-ին վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց նոր կառավարութիւն մը: 20 մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան կազմին մէջ «հայկական» աթոռը վստահուեցաւ Վարդինէ Օհանեանին, որ կը ստանձնէ Մարմնակրթուեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը։

Կառավարութեան կազմութեան յայտարարութենէն առաջ եւ անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարները մերժեցին այս կառավարութիւնը եւս` յայտարարելով, որ անիկա իրենց փափաքածը չէ եւ զիրենք չի ներկայացներ:

Կենսագրութիւն` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան
Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ծնած է 1 յունուար 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ունի մագիստրոսի աստիճան` ընկերային հոգեբանութեան մէջ, Լիբանանեան համալսարանէն: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական` Հայկազեան համալսարանէն:

2017-էն մինչեւ այսօր տնօրէն է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի: 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը: 2007-էն 2008 իբրեւ ընկերային ծառայող աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ: 2005-էն 2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի ընկերային ծառայողը:

Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին եւ ստանձնած զանազան պարտականութիւններ:

Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 08:30