Լիբանանի մէջ ցոյցեր Լիբանանի մէջ ցոյցեր 

Ցուցարարները կը վերադառնան փողոց եւ բախումներ կ՛ունենան ապահովութեան ուժերուն հետ:

Ցուցարարները անդադար կրկնեցին երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ, ցուցարարները անցեալ շաբաթավերջին եւ յատկապէս երէկ վերադարձան փողոց:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ցուցարարներ փակեցին Զահլէի «Լիպանփոսթ»-ի եւ «Օժերօ»-ի կեդրոնները եւ արգիլեցին, որ պաշտօնեաները մուտք գործեն այդ կեդրոնները` կատարելու համար իրենց աշխատանքները:

Ունկնդրէ լուրը

Միւս կողմէ, ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պաալպեքի Կեդրոնական դրամատան դիմաց` ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:

Ցուցարարները անդադար կրկնեցին երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:

Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ելեւմտայարկի յատուկ կառոյցին դիմաց եւ արգիլեցին պաշտօնէութեան շէնք մուտքը:

Մինչեւ կէսօր կատարուած այս ցոյցերը դադրեցան ամբողջ յետմիջօրէին եւ նոր թափով վերսկսան երեկոյեան ժամը 7:00-ի շուրջ:

Երեկոյեան ցուցարարներ փակեցին Սայտայի Էլիա հրապարակը, ուր վրաններ լարեցին: Այդ պատճառով ալ անոնք բախումներ ունեցան լիբանանեան բանակին հետ, որ փորձեց վերաբանալ ճամբան:

Բախումները պատճառեցին 5 վիրաւորներ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 09:57