Տասնեակ միլիոնաւոր մարախներ «ներխուժած» են Քենիա Տասնեակ միլիոնաւոր մարախներ «ներխուժած» են Քենիա 

Տասնեակ միլիոնաւոր մարախներ «ներխուժած» են Քենիա` երկիրը կանգնեցնելով սովի սպառնալիքի առջեւ:

Միջատները ոչնչացուցած են գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունեցող հսկայական թիւով հողատարածքներ

Քենիոյ մէջ արձանագրուած է անապատային մարախներու «ներխուժման»` վերջին 70 տարուան մէջ մեծագոյն դէպքը: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ տասնեակ միլիոնաւոր մարախներ Սոմալիէն եւ Եթովպիայէն ներխուժած են Քենիա:

Միջատները ոչնչացուցած են գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունեցող հսկայական թիւով հողատարածքներ, կերած են բերքը, ինչ որ կը նշանակէ, որ առանց այդ ալ աղքատ երկրին սարսափելի սով կը սպառնայ: Ընդհանուր առմամբ վնասուած է 70.000 հեկտար տարածք: Գիւղացիներէն մէկը պատմած է, թէ մարախները ամէն բան կերած են:

ՄԱԿ նախազգուշացուցած է, որ անձրեւներու եղանակին արագ բեղմնաւորուող մարախներուն թիւը կրնայ 500 անգամ աւելնալ: «Մենք պէտք է անյապաղ գործի անցնինք», ըսած է ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան բանբեր Տէյվիտ Փիրի:

ՄԱԿ-ի տուեալներով` մարախներու դէմ արդիւնաւէտօրէն պայքարելու համար անհրաժեշտ է 70 միլիոն տոլար: Կը նշուի, որ մարախներու փոքր խումբը մէկ օրուան մէջ կրնայ 35.000 մարդու կերակրման համար անհրաժեշտ քանակութեան մթերք ուտել:

Քենիոյ հիւսիսարեւելեան հատուածը պատուհասած մարախներու խումբերէն մէկը ունի 60 քիլոմեթր երկարութիւն եւ 40 քիլոմեթր լայնք:

Քամիի ուղղութեան հետ շարժող մարախները կրնան մէկ օրուան մէջ 150 քիլոմեթր տարածութիւն յաղթահարել: Այժմ անոնք կը շարժին Ուկանտայի եւ Հարաւային Սուտանի ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2020, 08:21