Սահակ Բ. Պատրիարք Սահակ Բ. Պատրիարք 

Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը Շաբաթ օր

11 դեկտեմբերին պատգամաւորներու ժողովը յայտարարեց Թուրքիոյ հայոց նորընտիր 85-րդ պատրիարքը: Այս շաբաթավերջին` շաբաթ, 11 յունուարին կը կայանայ Սահակ Բ. պատրիարքի գահակալութիւնը: Այս յատուկ արարողութեա

8 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին փուլը: Պատգամաւորները ճշդուեցան ժողովուրդին ձայներով: Իսկ 11 դեկտեմբերին պատգամաւորներու ժողովը յայտարարեց Թուրքիոյ հայոց նորընտիր 85-րդ պատրիարքը:

Այս շաբաթավերջին` շաբաթ, 11 յունուարին կը կայանայ Սահակ Բ. պատրիարքի գահակալութիւնը: Այս յատուկ արարողութեան համար Պոլիս պիտի գտնուին բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրեր, որոնց կարգին` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ներկայացուցիչները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչները, Երուսաղէմի պատրիարքարանի ներկայացուցիչը, Հռոմի պապը ներկայացնող կարտինալ մը եւ Պոլսոյ բոլոր յարանուանութիւններու առաջնորդները` գլխաւորութեամբ Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս սրբազանին:

Կ՛ակնկալուի, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այս առիթով արքեպիսկոպոսի կոչում շնորհէ նորընտիր պատրիարքին:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 08:31