Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Կաթողիկոս  

«Ամանորը իւրօրինակ սահմանագիծ է հնի եւ նորի, անցեալի եւ ապագայի միջեւ». Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

«Նոր տարին նոր սկիզբ է մեր կեանքը նորոգելու եւ առաջընթացի ուղիներում հաստատուն պահելու: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք մեր ապրած իւրաքանչիւր օրուայ համար:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Նոր Տարուան առիթով ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ Ամանորը իւրօրինակ սահմանագիծ է հինի եւ նորի, անցեալի եւ ապագայի միջեւ ու առիթ՝ գնահատելու անցած ուղին, արարուած լաւն ու բարին, արձանագրուած սխալները, որովհետեւ անոնց անկեղծ ու ճիշդ գնահատականը կը պայմանաւորէ այն տեսլականը եւ ակնկալութիւնները, որոնցմով մուտք կը գործենք 2020:

«Անցնող 2019 թուականը պետական կեանքի վերակազմակերպման, նոր ծրագրերի, իրագործումների ժամանակ եղաւ: Հայրենական, ազգային եւ հոգեւոր մեր անդաստանում ունեցանք յաջողութիւններ: Դրական իրագործումների կողքին տակաւին առկայ են հրատապ լուծման կարօտ խնդիրներ եւ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք պահանջում են մեր ողջ ժողովրդի համատեղ ջանքն ու աշխատանքը: Իւրաքանչիւրիս ծառայանուիրումի ոգին, պատասխանատուութիւնն ու դաւանած արժէքներն են, որ պիտի իրական դարձնեն հզօր հայրենիքի, պայծառ ապագայի մեր տեսիլքները:

«Նոր տարին նոր սկիզբ է մեր կեանքը նորոգելու եւ առաջընթացի ուղիներում հաստատուն պահելու: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք մեր ապրած իւրաքանչիւր օրուայ համար: Պատասխանատու ենք Աստծոյ, մեր պատմութեան, մեր նախնեաց եւ սերունդների առջեւ: Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է, սիրելինե՛ր, որ այս գիտակցութեամբ անենք առաւելագոյնը Հայաստանն ու Արցախը հզօրացնելու, մեր կեանքը խռովող երեւոյթները փարատելու, ամրապնդելու համերաշխութեան ոգին մեր հասարակութեան մէջ եւ միասնականութիւնը ազգային մեր կեանքում: 2020 թուականը հայրենաշինութեան եւ ազգային կեանքի պայծառացման տարի դարձնենք միմեանց հանդէպ սիրով, բարու մէջ մեր նախանձախնդրութեամբ եւ միշտ ապաւինելով Աստծուն, քանզի ինչպէս սաղմոսերգուն է ասում՝ «Տէրը մօտ է բոլոր նրանց, ովքեր կանչում են Իրեն, բոլոր նրանց, ովքեր կանչում են Իրեն ճշմարտապէս» (144:18)», ըսաւ կաթողիկոսը։

Ամանորի առիթով կաթողիկոսը իր ջերմ բարեմաղթանքները եւ օրհնութիւնները ուղղեց բոլորին՝ աղօթելով, որ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի, նաեւ՝ «Բարին Աստուած Իր Սուրբ Աջի ներքոյ պահպանի մեր հայրենիքը, մեր ժողովրդին ի սփիւռս աշխարհի եւ արդիւնաւորի Հայաստանի եւ Արցախի մեր իշխանութիւնների ջանքերը դարերով փայփայած անկախ պետականութեան զօրացման ճանապարհին», եզրափակեց Գարեգին Բ.։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2020, 09:50