Արցախ Արցախ 

Մինսկի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներուն հանդիպումին մասին։

Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան դարձեալ հանդիպում ունենալ մօտիկ ապագային՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումին մասին։ Անիկա հրապարակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները վերահաստատեցին տագնապին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ լուծման գործընթացին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը:

«28-30 Յունուարին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) առանձին եւ միացեալ ձեւաչափով հանդիպումներ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիք։

«Եռօրեայ արդիւնաւէտ քննարկումներուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին օրակարգային հետեւեալ հարցերը. 2019-ին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ հնարաւոր յաջորդ քայլերը, ապագայ կարգաւորման հիմք հանդիսացող սկզբունքները եւ տարրերը, կարգաւորման գործընթացի յառաջմղման վերաբերող ժամանակացոյցը եւ օրակարգը:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ կարգաւորման գործընթացին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը: Անոնք շեշտեցին արդար եւ մնայուն խաղաղութեան ձեռքբերման համար ստեղծագործ մօտեցման եւ փոխզիջման ոգիի անհրաժեշտութիւնը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան դարձեալ հանդիպում ունենալ մօտիկ ապագային՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 08:48