Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարան։ Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարան։ 

Վենետիկ. Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացք՝ Օգոստոս 2020

Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ:

ՎԵՆԵՏԻԿ.- Վենետիկի «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը, Վենետիկի «Սթուտիում Մարքիանում» հաստատութեան հետ գործակցաբար, կազմակերպած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 3-19 Օգոստոսին:

Ունկնդրէ լուրը

Քննութիւնները տեղի պիտի ունենան 19 Օգոստոսին: Ժամանումը՝ 2 Օգոստոսին, իսկ մեկնումը՝ 20 Օգոստոսին: Դիմումի վերջին ժամկէտն է 15 Յունիսը:

Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ:

Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Շաբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասընթացքին տեւողութիւնը ուսուցողական 65 ժամով կը սահմանուի: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է, իսկ մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքը 18 է:

Դիմումները պետք է կատարուին անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռաձայնի թիւ մը եւ ե-նամակի (email) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային զանազան ձեռնարկներ: Փափաքողներուն, կէսօրէն ետք, ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարի դասեր:

Արձանագրութեան սակը 850 եուրօ է կամ համապատասխանը՝ ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 600 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ 31 Մարտ: Այս կանխավճարը պէտք է կատարուի դասընթացքի ընդունուելէն սկսեալ, 15 օրուան ընթացքին, այլապէս չ՛երաշխաւորուիր արձանագրութեան եւ սենեակի ապահովումը:

31 Մարտէն ետք, պէտք է ղրկուի 990 եուրօ մինչեւ 15 Յունիս, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի մուտքի օրը:

Վարկաթղթային վճար (credit card) չ՛ընդունուիր: 10 տոկոս զեղչ պիտի կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող ընտանիքի անդամներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ո՛չ մէկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի վերադարձուիր: Դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարելու համար, գրանցում կատարելէ ետք՝ քարտուղարական կազմը պիտի ղրկէ ընկերակցութեան դրամատնային հաշիւի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշիվի թիւ, IBAN եւ այլլն):

Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին վրայ են:

Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով: 2-19 Օգոստոս շրջանին համար, բնակութեան սակն է.

– 1090 եուրօ առանձին սենեակի համար.

– 990 եուրօ՝ անձ գլուխ, երկու հոգինոց փոքր յարկաբաժինի համար։

Երկու պարագային ալ, սենեակները լոգնալու եւ զովացուցիչ սարքի յարմարութիւններով օժտուած են: Երկու հոգինոց փոքր յարկաբաժինի մը մէջ ամէն յարմարութեամբ օժտուած փոքր խոհանոց կը գտնուի: Այս գումարներուն մէջ կը մտնէ նաեւ Վենետիկի զբօսաշրջիկներէն պահանջուած բնակութեան տուրքը, ըստ Վենետիկի քաղաքապետարանի օրէքին:

Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Անոնք, որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ե-նամակ մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝ info@padus-araxes.com եւ benedettacon@gmail.com կամ հեռաձայնել նաեւ what՛app-ով դիմել հետեւեալ թիւին՝ +39.379.1330687, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1 (Իտալիոյ ժամով):

Դիմումնագիրներու համար՝ այցելել www.padus-araxes.com/en/application-form/ կայքէջը։

(Թղթակցութիւնը՝

«Պո-Արաքս»էն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 11:13