ՄԱԿ ՄԱԿ 

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը Լիպիոյ տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` շուտով զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«Ապահովութեան խորհուրդի անդամները լիպիական կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն շինիչ կերպով մասնակցելու «5+5» կոչուած զինուորական յանձնախումբին` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու համար»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կիրակի օր Պերլինի մէջ գումարուած Լիպիոյ շուրջ խորհրդաժողովի արդիւնքներուն նուիրուած իր նիստի աւարտին նշեց. «Ապահովութեան խորհուրդի անդամները լիպիական կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն շինիչ կերպով մասնակցելու «5+5» կոչուած զինուորական յանձնախումբին` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու համար»:

Նշեալ զինուորական յանձնախումբը, որուն ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Պերլինի վեհաժողովի ընթացքին, պիտի կազմուի ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան զօրակցող ուժերու 5 սպաներէ եւ Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակէն 5 այլ սպաներէ:

Կը սպասուի, որ նշեալ յանձնախումբը մօտ օրէն գումարէ ժողով մը: Անոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ճշդել այն ուղին ու գետնի վրայ մեքանիզմները, որոնք պիտի ամրապնդեն 12 յունուարէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը` հասնելով անոնց միջեւ զինադադարի հաստատման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 08:10