Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին 

Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կամարուղիներէն մաս մը քանդուած է Խարբերդի երկրաշարժէն:

Սուրբ Սարգիս եկեղեցին երկրաշարժի կիզակէտէն մօտաւորապէս 75 մղոն հեռու կը գտնուի։

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան «Ֆէսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ անցեալ շաբաթ, Խարբերդի մօտերը տեղի ունեցած ուժգին եկրաշարժին հետեւանքով Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կամարուղիներէն մաս մը քանդուած է, հակառակ անոր, որ եկեղեցին երկրաշարժի կիզակէտէն մօտաւորապէս 75 մղոն հեռու կը գտնուի։

Ունկնդրէ լուրը

Դոկտ. Մուրատեան կը յիշեցնէ նաեւ, որ եկեղեցին արդէն տասնամեակներէ ի վեր աստիճանաբար կը քանդուի գանձագողներու կողմէ։

Ան կը նշէ, թէ եկեղեցւոյ կրած վնասներուն վերաբերող լուսանկարները ստացած է իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող բարեկամէ մը։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 09:42