Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին գրադարանի վերածուեցաւ։ Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին գրադարանի վերածուեցաւ։ 

Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին գրադարանի վերածուեցաւ։

1800-ականներուն կառուցուած եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած էր իբրեւ ոստիկանական բաժին եւ մարզասրահ

Կեսարիոյ քաղաքապետարանին նախաձեռնած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք, Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին իբրեւ գրադարան վերաբացուեցաւ Յունուար 15-ին։

Յիշեցնենք, որ 1800-ականներուն կառուցուած եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած էր իբրեւ ոստիկանական բաժին եւ մարզասրահ:

Նախապէս եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով իշխանութեանց դիմած էր Կեսարիոյ բողոքական համայնքը, հոն իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարելու համար, նկատի ունենալով, որ համայնքը աղօթատեղի չունի: Սակայն, այդ դիմումը մերժուած էր:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 09:22