Չինացի զբօսաշրջիկիներ Հայաստանի մէջ Չինացի զբօսաշրջիկիներ Հայաստանի մէջ  

Նոր բացայայտումներ փնտռող Չինացի զբօսաշրջիկները սկսած են աւելի յաճախ ընտրել Հայաստանը:

Հայաստան եկած է նաեւ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի ներկայացուցիչը, որ վերադառնալէ ետք 5 էջեր յատկացուցած է Հայաստանին:

Վերջին շրջանին, Չինաստանէն Հայաստան զբօսաշրջիկներու կատարած այցելութիւնները նկատելի կերպով աւելցած են: Վիճակագրութեան համաձայն՝ 2018-ին, 2017-ին հետ համեմատած՝ Չինաստանէն Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 59.9 տոկոսով: Աճի ընթացք կայ նաեւ 2019-ին: Եթէ Յունուարէն Հոկտեմբեր 2018-ին Հայաստան այցելած են Չինաստանի 8 հազար 430 քաղաքացիներ, 2019-ին՝ շուրջ 14 հազար 500:  Այդ առումով իր դերակատարութիւնը ունին պետական նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը եւ մասնաւոր հատուածի աշխոյժ աշխատանքը:

«Արմէնփրէս»-ը այս գծով աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով՝ զրուցած է Սոնա Սահակեանի հետ, որ «Սոտու Թրաւել» զբօսաշրջութեան ընկերութեան հիմնադիր տնօրէնն է եւ քանի մը տարիէ ի վեր յատուկ աշխատանք կը տանի Չինաստանի ուղղութեամբ։ Անոր տպաւորութիւնները դրական են, արդիւնքները՝ ոգեւորող: Ան շեշտեց, որ այս բնագաւառին մէջ չօգտագործուած  հսկայ ներոյժ կայ, սակայն անհրաժեշտ աշխատանքը չի տարուիր։

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք հետեւողական աշխատանք կը տանին, որպէսզի չինացիները կարելի եղածին չափ տեղեակ ըլլան Հայաստանի մասին։ Անպայման կը մասնակցին Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսներուն, այնուհետեւ առանձին կ՛աշխատին զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու հետ: Հայաստան եկած է նաեւ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի ներկայացուցիչը, որ վերադառնալէ ետք 5 էջեր յատկացուցած է Հայաստանին:

Սոնա Սահակեան ըսաւ, որ ոգեւորիչ է պարզ աչքով տեսնել չինացիներուն ներկայութիւնը  Երեւանի փողոցներուն մէջ։ Հիմնականին մէջ Չինաստանէն կու գան աւելի հասուն տարիքի մարդիկ: Չինացիներ, որոնք յաճախ կը ճամբորդեն, անպայման նորութիւններ կը փնտռեն։ Անոնց յատկապէս կը հետաքրքրէ հայկական խոհանոցը: Անոնք շատ կը սիրեն հայկական լաւաշը, ապուրները, բանջարեղէնը, տապկուած կանաչին, եւ, անշուշտ, խոզի միսի խորովածը:

Խօսելով հետագայ աշխատանքներուն մասին՝ Սոնա Սահակեան նշեց, որ նպատակ ունին կարելի եղածին չափ շատ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել Չինաստանէն, մանաւանդ որ չօգտագործուած մեծ ներոյժ կայ: Վիզայի դրութիւնը վերցնելու նախաձեռնութիւնը Սոնա Սահակեան շատ կարեւոր կը նկատէ, սակայն հիմնական կը նկատէ նաեւ ուղիղ թռիչքներու ապահովումը։

Ըստ անոր՝ այսօր կայ չինարէն գիտցող զբօսավարներու խիստ պակաս, որովհետեւ չինացին միայն չինարէն կը խօսի, ուրեմն անհրաժեշտ է աւելցնել չինարէն գիտցող զբօսավարներուն թիւը։ Ան նկատել տուաւ, որ դեպի Հայաստան կը նկատուի հոսք այն երիտասարդներուն, որոնք կ՛ուսանին Չինաստանի մէջ եւ կը վերադառնան Հայաստան, պէտք է փորձ կատարուի անոնց հետ աշխատելու եւ բացը գոցելու։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2020, 08:50