Որոնել

Արմէն Սարգսեան Մասնակցած է Հոլոքոսթի Յիշատակին Նուիրուած Միջազգային Համաժողովին Արմէն Սարգսեան Մասնակցած է Հոլոքոսթի Յիշատակին Նուիրուած Միջազգային Համաժողովին 

Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած միջազգային համաժողովին:

Բազմազգ նուագախումբը եւ երգչախումբը՝ մայսթրօ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ՝ երաժշտութեան համամարդկային լեզուով ուղերձ հնչեցուցած են յանուն խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երուսաղէմի մէջ մասնակցած է Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ունկնդրէ լուրը

«Յիշելով Հոլոքոսթը, պայքարելով ընդդէմ հակասեմիթիզմի» խորագիրով համաժողովը Եատ Վաշէմի մէջ՝ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին մէջ համախմբած էր աշխարհի աւելի քան 40 պետութիւններու ղեկավարներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Համաժողովը բացած է Իսրայէլի Պետութեան նախագահ Ռէուվէն Ռիւլինը, որուն հովանիին ներքոյ ալ, «Հոլոքոսթի յիշատակի համաշխարհային ֆորում» հիմնադրամի եւ Եատ Վաշէմի համագործակցութեամբ, տեղի կ՝ունենայ համաժողովը: Շնորհակալութիւն յայտնելով համաժողովի մասնակից երկիրներուն համերաշխութեան համար՝ ան ուղերձ յղած է՝ յիշել եւ երբեք չմոռնալ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Իսրայէլի Պետութեան վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուն, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Մայք Փենսը, Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Չարլզը, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայըրը, ինչպէս նաեւ Եատ Վաշէմի խորհուրդի նախագահ, Հոլոքոսթը վերապրած ռապպի Յիսրայէլ Մէյր Լաուն:

Ելոյթ ունեցողները նշած են, որ պատահական չէ, որ համաժողովը տեղի կ՝ունենայ Եատ Վաշէմի մէջ՝ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին մէջ: Նշանաւոր համարելով Աուշուից-Պիրգենաուի ազատագրման 75-ամեակը՝ համաժողովը մէկ անգամ եւս յղած է այն ուղերձը, որ հակասեմիթիզմը, այլատեացութիւնը, ռասիզմը, անհանդուրժողականութիւնը չեն կրնար տեղ ունենալ ժամանակակից աշխարհի մէջ: Անոնց յիշատակումը, ճանաչումը եւ աներկբայ դատապարտումը բոլորի բարոյական պարտքն է եւ առաջնային պարտականութիւնը՝ յանուն անցեալի եւ մարդկութեան ապագայի։

Բազմազգ նուագախումբը եւ երգչախումբը՝ մայսթրօ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ՝ երաժշտութեան համամարդկային լեզուով ուղերձ հնչեցուցած են յանուն խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան:

Համաժողովին ծիրէն ներս՝ նախագահ Սարգսեան զրոյցներ ունեցած է ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Մայք Փենսի, Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Չարլզի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայըրի, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մադարելլայի, Փորթուկալի նախագահ Մարսելու Ռեպելու տէ Սոզայի, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Սասոլիի հետ:

Հայաստանի նախագահը եւ համաժողովի մասնակից միւս պետութիւններու ղեկավարները ծաղկեպսակներ դրած են Վարշաւայի կեթթոյի ապստամբութեան յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 08:29