Մանուկներ Մանուկներ 

Լիպիայի մէջ 5 դպրոցներ կործանուած են ու այլ 210ն փակուած։ 115 հազար մանուկներ կը մնան առանց կրթութեան։

Ուսմունքը հիմնական իրաւունք է իւրաքանչիւր մանուկի համար ու դպրոցական կառոյցներու վրայ յարձակումները այդ իրաւունքի ծանր խախտում են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Թրիբոլիի ու անոր շրջակայ քաղաքներուն մէջ բռնութիւններու աճը ծանր հետեւանքներ ունի մանուկներու ու պատանիներու ուսման ու կրթութեան վրայ. 5 դպրոցներ կործանուած են ու այլ 210ն փակուած, մինչ 115 մանուկներ կը մնան դպրոցներէ դուրս ու զուրկ են կրթութենէ» այս կը կարդանք ԻՒՆՒՍԷՖի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նշուած է նաեւ որ. «վերջին օրերուն դպրոցական կառոյցներուն դէմ գործադրուած յարձակումները, ծնողները կը մղեն իրենց զաւակները դպրոց չուղարկելու ու պատանիները կը դնեն բռնութեան ու հակամարտութիւններու համար զինուորագրուելու սպառնալիքին տակ»։

«Ուսմունքը հիմնական իրաւունք է իւրաքանչիւր մանուկի համար ու դպրոցական կառոյցներու վրայ  յարձակումները այդ իրաւունքի ծանր խախտում են ու  խախտում են նաեւ մարդկային միջազգային իրաւունքներուն» գրուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ որուն աւարտին ԻՒՆԻՍԷՖԸ Լիպիայի մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու մանուկները ու կասեցնելու դպրոցական կառոյցներուն դէմ բոլոր  յարձակումները, զերծ մնալով բռնութեան արարքներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2020, 12:28