Իրան ԱՄՆ լարուածութիւն Իրան ԱՄՆ լարուածութիւն 

Հայաստան կողմնակից է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրադրութեան խաղաղ միջոցներով լիցքաթափման։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն հետ, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գծով եւ նշեց, որ Հայաստան հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման դիրքերէն։

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ իրադարձութիւնները, որոնք մարդկային զոհեր պատճառեցին, կրնան սպառնալ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ու անկէ դուրս, ուստի Հայաստանի դիրքորոշումն է խաղաղ միջոցներով լուծել հարցերը։ «Հայաստանը պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ իր բոլոր գործընկերներուն հետ՝ ի շահ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան»,- նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

5 Յունուարին, իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Ճաւատ Զարիֆ ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Նախարարները քննարկեցին վերջին օրերուն Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու անոնց լոյսին տակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Մնացականեան Հայաստանի կառավարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեային մահուան առիթով: Ան կարեւոր նկատեց հետագայ լարուածութեան կանխումը եւ խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն հետ, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:

Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 3 Յունուարին խորհրդակցութեան հրաւիրեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպանները՝ շրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 08:10