Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով եկեղեցական արարողութիւններ Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով եկեղեցական արարողութիւններ 

Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով եկեղեցական արարողութիւններ, պաշտամունք եւ ոգեկոչումի ձեռնարկ Պէյրութի մէջ

Խաչիկ վրդ. Գույումճեան մաղթեց եւ աղօթեց, որ մեր նահատակները բարեխօս ըլլան մեզի, որպէսզի իրենց նահատակութիւնը առիթ ըլլայ պտուղ տալու մեր ազգին մէջ:

Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով Կիրակի, 26 Յունուար 2020-ին, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն համար, Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր պատարագը մատուցեց Յակոբ աբղյ. Եագուպեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցի, ուր պատարագը մատուցեց նորօծ Վարդան վրդ. Ժալլուֆ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցի, ուր պաշտամունքը կատարեց եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատշաճ ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մարաշի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Ապունայեան: Ան նշեց, որ եկեղեցական արարողութիւններուն ընդմէջէն ոգեկոչուեցաւ Մարաշի աղէտին 100-ամեակը` նկատել տալով, որ 100 տարի առաջ, յունուարի ցուրտ եւ անողոք գիշեր մը, պատմական Մարաշի հայ բնակչութեան մնացորդացը, որ ճողոպրեցաւ ջարդարար թուրքին եաթաղանէն, եւ լքելով իր տունն ու ետին ձգելով անմեղ զոհերու փաղանգ մը, բռնեց պարտադիր գաղթի ճամբան: Ան յայտնեց, որ փրկուածներէն շատեր մահացան աքսորի ճամբուն վրայ, բնութեան խիստ պայմաններուն բերումով, իսկ անոնք, որոնք վերապրեցան, կրցան հասնիլ ապահով վայրեր եւ փորձեցին սպիացնել իրենց վէրքերը` շեշտելով, որ «ջարդուեցանք, բայց վերապրեցանք եւ տակաւին պիտի գոյատեւենք փաստելու համար, որ մեր արիւնը ի դերեւ չհոսեցաւ, այլ` անիկա հանդիսացաւ սնուցարար աւիշը, որ մեզ կենդանացուց, հակառակ ցեղասպանութեան դաժան իրողութեան»:

«Այս մնացորդացը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ Միջին Արեւելք կոչուած աշխարհատարածքին մէջ, եւ աննկուն մղումով մը յաւերժացուց իր գոյութիւնը` կառչած մնալով իր արմատներուն», շեշտեց Ապունայեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մարաշցիները հաստատուեցան Պուրճ Համուտի հողամասին վրայ եւ հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ հիմնուեցաւ 1929-ին, հիմնեցին Նոր Մարաշ թաղամասը: Ապունայեան ըսաւ, որ միութիւնը սկզբնական շրջանի համեստ պայմաններէն տակաւ առ տակաւ դուրս գալով, բարելաւեց իր վիճակը եւ դարձաւ պատկառելի հաստատութիւն մը` աւելցնելով, որ շնորհիւ իր անձնուէր հիմնադիրներուն, որոնց շարքին` հոգելոյս Պօղոս ծ. վրդ. Արիսին, եւ վարչականներուն նախաձեռնութիւններով միութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ ընդարձակեց իր մատուցած ծառայութիւններուն ծիրը: Ապունայեան հաստատեց, որ Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը անշրջանցելի ներկայութիւն մըն է, իր կալուածներուն եկամուտը ամբողջութեամբ տրամադրուած է նախ իր զաւակներուն, ապա հայկական հիմնարկներուն` դպրոց, եկեղեցի, միութիւն, բարեսիրական հաստատութիւններ, մշակութային կազմակերպութիւններ:

«Այսօր, հակառակ լիբանանեան հայրենիքին մէջ տիրող նիւթական դժուարին կացութեան, միութիւնը թիկունք կը կանգնի գաղութի անկեալներուն: Աւանդական տարեկան օրացոյցի հրատարակութենէն բացի, ան յատկապէս կը նպաստէ մարաշցի հօրմէ սերող հայ աշակերտին եւ համալսարանականին ուսումնառութեան կրթաթոշակներուն: Նկատի առնելով անոնց ապրուստի անձուկ պայմանները, բարձրացուցած է նպաստընկալներուն թիւը եւ տարեկան օժանդակութեան գումարը 120 միլիոնէն 165 միլիոն լիբանանեան ոսկիի», հաստատեց Ապունայեան` նկատել տալով, որ հակառակ իր տարեկան եկամուտի նուազումին, միութիւնը չի զլանար իր նպաստները եւ կրթաթոշակներու տրամադրման կողքին կ՛օգնէ նաեւ իր հիւանդ զաւակներուն, կը սատարէ եկեղեցիներու, դպրոցներու, պատասխանատու միութիւններու` իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` Ապունայեան ըսաւ, որ Մարաշի հայրենակցական միութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ան եղած է ծառայութեան հարթակ մը, 100 տարի շարունակ գործած է այս ուղիով եւ պիտի շարունակէ գործել նոյնպէս: Ան նկատել տուաւ, որ իր գոյութեան ընթացքին միութիւնը ապրած է դժուարին կացութիւններ, բայց շարունակած է իր գործունէութիւնը` ըլլալով բարեսիրական միութիւն մը եւ ճանչցուելով իբրեւ այդպիսին: Այսօր եւս միութիւնը կ՛ապրի նիւթական աննպաստ պայմաններու մէջ, բայց հակառակ անտանելի կացութեան, ան հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին եւ անսակարկ կը բաշխէ իր բարիքները: «Մարաշցիները 100 տարի առաջ կորսնցուցին իրենց պատմական օճախը, սակայն հաստատուելով աշխարհացրիւ այլ օճախներու մէջ, վերապրեցան եւ պահեցին իրենց տոհմային ու ազգային ինքնութիւնը», եզրափակեց Ապունայեան` յոյս յայտնելով, որ այսօր եւս յաղթահարելով Լիբանանի ապրած դժուարին մղձաւանջը, լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի  Մարաշի հայրենակցական միութիւնը կը վերածնին փիւնիկի նման եւ կը շարունակեն իրենց գոյերթը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ան յայտնեց, որ հաւաքուած ենք յիշելու Մարաշի աղէտին 100-րդ տարելիցը, սակայն եթէ աղէտ յիշելը միայն աղէտ յիշել մնայ, տխուր իրականութիւն է, որովհետեւ աղէտը ինքնին տխուր է` աւելցնելով, որ կարեւորը պատմութիւնը յիշելն է, եւ Մարաշի աղէտէն անդին կարեւոր է, որ մենք տեսնենք մեր ժողովուրդին տարած վերականգնումի յաղթանակը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ ժողովուրդ է, հաւատքի ժողովուրդ է, եւ մենք կը հաւատանք, որ մեր բոլոր աշխատանքները այդ հաւատքի եւ յարութեան հոգիով մղեցինք ու հաւատացինք, որ այնպէս, ինչպէս Քրիստոս յաղթեց մահուան, նաեւ իր զաւակներուն այդ նոյն յաղթանակի եւ յարութեան հոգին պիտի տայ: «Մեր ժողովուրդը այդ յարութիւնը ապրեցաւ, թէեւ Հայաստանէն դուրս, բայց այստեղ` Լիբանանի մէջ վերականգնեցաւ, վերաշինեց դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւններ, մշակութային միութիւններ, եւ այսօր մենք 100 տարիէ ի վեր ասիկա կը յիշենք», հաստատեց վեր. Մսըրլեան` նկատել տալով, որ այսօր դժուար օրերու մէջ ենք, եւ թերեւս մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան վիճակներու մէջ է եւ այդ պատճառով այս հաւաքը կարեւոր է մեզի համար` նորոգելու մեր յոյսը, որ հակառակ դժուար օրերուն, աշխատանքով, զոհողութիւններով, իրարու նեցուկ եւ աջակից կանգնելով այդ դժուարութիւնները կրնանք դիմագրաւել: Վեր. Մսըրլեան հաստատեց, որ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը այն ընկերակցութիւնն է, որ 100 տարիէ ի վեր օգնած է, ծառայած եւ միշտ եղած ժողովուրդին հետ ու անոր կողքին. այդ երթը պիտի շարունակուի աղօթելով Աստուծոյ, որ միութեան ծառայութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ օրհնաբեր ըլլայ:

Յակոբ աբղյ. Եագուպեան յայտնեց, որ սրտի անհուն ուրախութեամբ հաւաքուած ենք փառք տալու Աստուծոյ, որ 100 տարի մեզ մինակ չձգեց, մեզ առաջնորդեց, որուն շնորհիւ այսօր մենք կանք, պիտի մնանք եւ յարատեւ պիտի շարունակենք մեր ծառայութեան երթը: Ան հպարտութեամբ յայտարարեց, որ ինք մարաշցի է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ զինք հրաւիրած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցելու: Ան յայտնեց, որ երբ Մարաշի հերոսամարտի պատմութիւնը կարդանք, հոն կը տեսնենք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հրկիզումը, նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ փլուզումը` նկատել տալով, որ երբ մարաշցիները Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին մթերանոցի վերածեցին, թուրքերը խուժանաբար ուզեցին եկեղեցին փլել, սակայն մարաշցիները իրենց արեան գնով պաշտպանեցին զայն, որովհետեւ հաւատացին Աստուծոյ գոյութեան, օրհնութեան, անոր ճամբէն ընթանալու մեծ արժէքին եւ իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հաւատքի ու ազատութեան, որովհետեւ ազատատենչ ժողովուրդ էին: «Այդ պատճառով այսօր մենք այստեղ կանք, պիտի մնանք եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի շարունակենք մեր երթը», եզրափակեց Յակոբ աբղյ. Եագուպեան:

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Խաչիկ վրդ. Գույումճեան ուրախութիւն նկատեց սոյն ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը, որովհետեւ միասնաբար, մէկ կողմ դնելով մեր բոլոր յարանուանութիւնները, կը յիշենք դէպք մը, որ արդէն պատմութեան մէջ մտնելով դարձաւ անմոռանալի եւ յուզիչ իրադարձութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ յաճախ մարդ արարածը հարց կու տայ, թէ ինչո՛ւ որեւէ դէպք դիւրաւ յիշատակի չի վերածուիր, բայց երբ արիւն թափուի` ան ո՛չ միայն յիշատակելի կը դառնայ, այլ նաեւ մաս կը կազմէ մեր առօրեային եւ վարուելակերպին: Ան բացատրեց, թէ արիւն տալ կը նշանակէ ինքզինք տալ, որ մեծագոյն սիրոյ նշանն է, եւ այդ պատճառով մեր ժողովուրդը ուզեց իր արիւնը թափել այդ մաքուր եւ պարարտ հողին վրայ, որպէսզի անոնցմէ ետք եկողները պտուղ տան: «Մենք կը հպարտանանք մեր նահատակներով, սուրբերով եւ մանաւանդ մեր պատմութեամբ, բայց արդեօք մեր զաւակները պիտի հպարտանա՞ն մեզմով, մենք, որ արիւն չթափեցինք», հարց տուաւ Խաչիկ վրդ. Գույումճեան` նշելով, որ պէտք չէ ուրախ մնանք մեր վիճակով, այլ` պէտք է միշտ բարելաւենք զայն:

Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով եկեղեցական արարողութիւններ
Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով եկեղեցական արարողութիւններ

Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնանք առաջին արիւն թափողը` Քրիստոսը, որ եղաւ տիպարը ճշմարիտ սիրոյ ու բոլոր սուրբերուն, եւ մեր նահատակները օրինակ առնելով անկէ հետեւեցան իր քայլերուն, որպէսզի իրենց արիւնը դառնայ պարտաւորութիւն մեզի, եւ մենք շարունակենք պտուղ տալ այս աշխարհի վրայ, սակայն մեր պտուղները առողջ չեն ըլլար, եթէ հաւատք չունինք: Եզրափակելով իր խօսքը` Խաչիկ վրդ. Գույումճեան մաղթեց եւ աղօթեց, որ մեր նահատակները բարեխօս ըլլան մեզի, որպէսզի իրենց նահատակութիւնը առիթ ըլլայ պտուղ տալու մեր ազգին մէջ:

Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մայր Արուսեակ Սաճոնեան իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ մարաշցիները եկեղեցասէր եւ հաւատարիմ աղօթող քրիստոնեաներ եղած են: Ան ըսաւ, որ ինք 30 տարի աշխատած է Հայաստանի մէջ, ուր զանազան գործունէութիւններու կողքին միաբանութիւնը ունի որբանոց մը, որուն մէջ զանազան տեսակի ձեռագործներ կը սորվեցնեն երեխաներուն եւ 4-5 տարի առաջ սկսած են Մարաշի ձեռագործը սորվեցնել: Որբանոցի մէջ բնակող որբերը Մարաշի զանազան ձեռագործներու կողքին նաեւ խաչ մը աշխատած են, եւ վերջերս, երբ ինք Հայաստան այցելած է, իրեն յանձնած են, որպէսզի Լիբանան վերադարձին նուիրէ, որու որ յարմար տեսնէ: Ան ըսաւ, որ մէկ ամիսէ կը սպասէ յարմար առիթի մը, եւ երբ հրաւիրած են զինք ոգեկոչման ձեռնարկին, մտածած է, որ լաւագոյն առիթն է փոխանցելու ձեռագործը: Այնուհետեւ ան Մարաշի ձեռագործ խաչը յանձնեց միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մեծաւոր մօր: Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով Մարալ Վարդապետեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը:

Ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն պահպանիչով:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 08:29