Որոնել

Այսօր Հայոց բանակի կազմաւորման 28-ամեակն է: Այսօր Հայոց բանակի կազմաւորման 28-ամեակն է: 

Այսօր Հայոց բանակի կազմաւորման 28-ամեակն է:

Մեր բանակը կարճ պատմական ժամանակահատուածի մէջ անցաւ ծանր փորձութիւններով, թրծուեցաւ եւ դարձաւ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը:

Յունուար 28-ը Հայոց բանակի օրն է: Այսօր կը նշենք հայկական բանակի կազմաւորման 28-րդ տարեդարձը:

1992-ի Յունուար 28-ին պատմական որոշում ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ»` իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը:

Ունկնդրէ լուրը

Մեր բանակը կարճ պատմական ժամանակահատուածի մէջ անցաւ ծանր փորձութիւններով, թրծուեցաւ եւ դարձաւ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը:

Հայկական բանակի ձեւաւորման եւ զարգացման ուղին կը բաժանեն երեք հիմնական փուլի:

Առաջին. 1988-ի Փետրուար-1992 թուականի Մայիս, երբ ղարաբաղեան շարժման աշխուժացման եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ծայրաստիճան սրման պայմաններու մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ աւելի քան հրատապ:

Երկրորդ. 1992 թուականի Յունիս-1994 թուականի Մայիս, երբ արդէն անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ միասին գտնուելով չյայտարարուած, բայց փաստացի պատերազմի մէջ Ատրպէյճանի հանրապետութեան հետ, միաժամանակ ձեռնամուխ եղաւ նաեւ Ազգային բանակի ստեղծման:

Երրորդ. 1994 թուականի Յունիսէն մինչ օրս: Այս փուլն կ՛անուանեն բանակաշինութեան, կայուն զարգացման, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, միջին եւ բարձր սպայական անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններու մէջ առկայ անջրպետի տարիէ տարի վերացման փուլ, երբ հաստատուած հրադադարէն ետք երկրի իշխանութիւնները ու բանակի ղեկավարութիւնը հնարաւորութիւն ստացան արդէն խաղաղ պայմաններու մէջ ջանքերը կեդրոնացնել բանակի, որպէս ռազմապաշտպանական համակարգի, վերջնական ձեւաւորման, բոլոր անհրաժեշտ ստորաբաժանումները ստեղծելու ու գործադրելու ուղղութեամբ:

Ահա այսպէս` մէկ կողմէ հայրենիք ազատագրելով, միւս կողմէ զինուած ուժերու մէջ կառուցուածքային շինարարութիւն իրականացնելով` ստեղծուեցաւ Հայոց բանակը` որպէս երաշխաւոր հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան: Բանակի ակունքներուն մէջմ կանգնած են անմահ հերոսներ, որոնց յիշատակը թանկ է բոլորիս համար:

Կը շնորհաւորենք մեր յաղթական բանակի տօնը, բանակաշինութեան գործին մէջ կը ցանկանք բազում յաջողութիւններ ու նորանոր ձեռքբերումներ։ Կը մաղթենք, որ բանակը գործէ ու զարգանայ խաղաղ պայմաններու մէջ, խաղաղութեան մէջ պահելով մեր երկիրն ու ժողովուրդը։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 08:20