Տօնական օրերուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 46 փոքրիկ: Տօնական օրերուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 46 փոքրիկ: 

Տօնական օրերուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 46 փոքրիկ:

2020 Յունուար 1-7 Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ արձանագրուած է 39 ծնունդ, որուն 21-ը՝ տղայ, իսկ 18-ը՝ աղջիկ:

2020 Յունուար 1-7 Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 46 ծնունդ՝ 27 տղայ եւ 19 աղջիկ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն» ՓԲԸ գործադիր տնօրէն Վարդգէս Օսիպովը՝ նշելով, որ 2019-ի նոյն ժամանակահատուածին Արցախի մէջ գրանցուած էր 39 երեխայ:

Անոր խօսքով՝ 2020 Յունուար 1-7 Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ արձանագրուած է 39 ծնունդ, որուն 21-ը՝ տղայ, իսկ 18-ը՝ աղջիկ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրական-վերլուծական բաժինի վարիչ Ագապի Հայրունին, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ նոյն ժամանակահատուածին Մարտակերտի բժշկական հաստատութեան մէջ արձանագրուած է 4 ծնունդ (տղայ), Հադրութի, Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի բժշկական միաւորումներուն մէջ ալ մէկական աղջիկ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 08:32