Հրանդ Տինքի սպանութեան 13-րդ տարելից։
2007-ի Յունուար 19-ին ժամը 15.00-ին, Պոլսոյ «Ակօս” թերթի խմբագրատան առջեւ թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքը:
Կասկածեալը գտնելու համար օգնեց անոր հայրը, որ մարդասպանի լուսանկարին մէջ ճանչած էր որդիին: Լուսանկարը առնուած է սպանութեան վայրին մէջ գտնուող տեսախցիկի միջոցով, որ այդ պահուն արձանագրած է փողոցի անցուդարձը:
«Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագրի սպանութեան 13-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգիստի եւ ոգեկոչման արարողութիւններ կազմակերպուեցան Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան եւ Պաքըրքեօյի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Յունուար 18-19-ին երեկոյեան ժամերուն «Ակօս” թերթի նախկին խմբագրատան շէնքի վրայ յատուկ լուսային ներգործութեամբ սաւառնեց աղաւնի:
Իր վերջին յօդուածին մէջ ան ինքզինք համեմատած էր աղաւնիի հետ` «Ես ինծի կը զգամ, ինչպէս վախցած աղաւնի, բայց գիտեմ, որ այս երկրի մարդիկ երբեք չեն վնասեր աղաւնիին»:
Պոլսոյ տարբեր վայրերու մէջ կազմակերպուեցան նաեւ Հրանդի յիշատակին նուիրուած հանդիպում-քննարկումներ: «Ոմանք» հայկական երաժշտական խումբը Պէյօղլուի մէջ հանդէս եկաւ Տինքի յիշատակին նուիրուած համերգով:
Յիշատակի եւ ոգեկոչման արարողութիւններ կազմակերպուեցան նաեւ Անգարայի, Իզմիրի, Պոտրումի մէջ: Թուրքիայէն բացի յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցան աշխարհի այլ քաղաքներու մէջ։
Քաղուած «Եռագոյն »էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ