«Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամ «Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամ 

«Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամը 3րդ՝ միջազգային մրցումին։

«Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող «Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» 13րդ միջազգային մրցումին գրաւեց երրորդ դիրքը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ 2018ին հրապարակուած «Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող «Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» 13րդ միջազգային մրցումին գրաւեց երրորդ դիրքը՝ «Տարուան յուշադրամը» անուանակարգին մէջ:

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը հաղորդեց այս լուրը:

«Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» մրցումին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են 33 կազմակերպութիւններ՝ 22 երկիրներէ, ներկայացնելով 2018ին հրապարակուած առաւել քան 220 յուշադրամներ:

Նշենք, թէ յուշադրամները գնահատուեցան միջազգային դատական կազմին քուէարկութեամբ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 08:30