Որոնել

Նախագահին այցելութեան ժամանակ Նախագահին այցելութեան ժամանակ 

Գիւմրիի մէջ դեկտեմբեր 7-ին լոյս աշխարհ եկած նորածիններուն ծնողները նուէրներ ստացած են ՀՀ նախագահէն

Նախագահ Սարգսեան նուէրներ յանձնած է նորածիններու ծնողներուն, շնորհաւորած զանոնք եւ մաղթած, որ մանուկներն ուրախութիւն բերեն իրենց ծնողներուն, ընտանիքներուն ու Գիւմրիին:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 7-ին Գիւմրիի մէջ այցելած է «Մօր եւ մանկան աւստրիական հիւանդանոց»: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, նախագահը շրջած է հիւանդանոցին մէջ, զրուցած բժիշկներուն հետ: Բարձր գնահատելով անոնց աշխատանքը` նախագահը նշած է, որ երեխաներու բժիշկ ըլլալը ամենապատուաբերն է աշխարհի մէջ:

Վերածնուող Գիւմրիի մէջ այս գիշեր լոյս աշխարհ եկած են չորս փոքրիկներ. նախագահ Սարգսեան նուէրներ յանձնած է նորածիններու ծնողներուն, շնորհաւորած զանոնք եւ մաղթած, որ մանուկներն ուրախութիւն բերեն իրենց ծնողներուն, ընտանիքներուն ու Գիւմրիին:

Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է այս հիւանդանոցին մէջ աշխատող երիտասարդ բժիշկ-մանկաբարձ Արմէն Մկրտչեանի հետ, որ մեկնած էր Սուտան` փոխարինելու «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան մրցանակակիր, բժիշկ Թոմ Քաթինային: Նախագահը ողջունած է անոր մարդասիրական գործունէութիւնը:

Գիւմրիի Աւստրիական հիւանդանոցը կը գործէ 1991թուականէն` Աւստրիոյ Հանրապետութեան կողմէ տրամադրուած միջոցներով: 2006-էն այստեղ կը կատարուին տարբեր վիրահատութիւններ, կը գործէ վերակենդանացման բաժանմունք` յագեցած ժամանակակից եւ նորարարական սարքերով:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 12:06