Որոնել

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը պահանջեց պարկեշտ կառավարութեան մը կազմութիւնը

Խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանը վտանգէ փրկելու նախաձեռնութեան մը որդեգրման:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը պահանջեց պարկեշտ կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանը վտանգէ փրկելու նախաձեռնութեան մը որդեգրման:

Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Լիբանան ժողովրդային ցասումի 8-րդ շաբաթը մուտք գործած է, եւ սովն ու աղքատութիւնը կը թակեն լիբանանցիներուն դռները` աւելցնելով, որ պէտք է պայքարիլ փտածութեան դէմ եւ սկսիլ աշխատանքի այնպիսի հոլովոյթի մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պետական գանձարկղին վերադարձնել իւրացուած գումարները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել, որ դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները ապահով պիտի մնան:

Խորհուրդը ընդգծեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ընդդիմանալու ժողովրդային ցասումին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զգուշացուց ոմանց կողմէ համաներումի օրէնքը վաւերացնելու միտումներէն` հաստատելով, որ պէտք է յարգել այդ օրէնքին վաւերականութեան հսկող համապատասխան յանձնախումբերուն կողմէ զայն քննութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ մերժեց քաղաքական ուժերուն կողմէ ժողովրդային շարժումին վրայ բանեցուող ճնշումները` հաստատելով, որ ժողովուրդին ըմբոստութիւնը արդար է, եւ սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ այդ ազատութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շինիչ դերակատարութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 08:12