Որոնել

Պոլսոյ պատրիարքարանը Պոլսոյ պատրիարքարանը 

Թրքական ատեանը մերժեց Պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հայցը:

Դատարանը 4 Դեկտեմբերին մերժեց Սիմոն Չեքեմի հայցը՝ նշելով, որ Նախաձեռնարկ մարմինը չէ ձեւաւորուած Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւ բողոքը պէտք է ներկայացնել Նախաձեռնարկ մարմինին դէմ, այլ ոչ թէ նախարարութեան:

Փաստացի, Թուրքիան կը փոխուի. մենք կը տեսնենք բաւական յարձակողական գործողութիւններ, որոնք կ՛ապակայունացնեն շրջանը: Այս մասին Լաթվիական «Տելֆի» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետան:

«Թուրքիան կը փոխուի. մենք կը տեսնենք բաւական յարձակողական գործողութիւններ, որոնք կ՛ապակայունացնեն շրջանը: Եւ այս առումով հարց կը յառաջանայ` արդեօք Արեւմուտքը Թուրքիայէն հեռանալով, կամ անոր դէմ կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ որեւէ որոշում կայացնելով որեւէ դրական արդիւնքի պիտի հասնի՞: Հարցը այն է, որ արդեօք ասիկա աւելի շատ խաղաղութիւն պիտի բերէ՞ շրջանին եւ առհասարակ աշխարհին:

«Այնուամենայնիւ, շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերը, թէ՛ գաղթականներու, թէ՛ ալ զինուորական ուժի առումով, կը շարունակէ մնալ կարեւորագոյն: Թերեւս այս պահուս անհրաժեշտ է բացայայտօրէն անդրադառնալ Թուրքիոյ յառաջ քաշած խնդիրներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ վերահսկել իրավիճակը եւ եզրակացութիւններ կատարել, թէ հետագային ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ, առանց որեւէ արմատական որոշումներու կայացման, որովհետեւ Թուրքիոյ դերը կը մնայ շատ կարեւոր` իմ նշած հանգամանքներուս շնորհիւ», ըսած է ան` պատասխանելով Թուրքիոյ մասին հարցումի մը:

Լիթուանիոյ նախագահը հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ պատկերացնել իրավիճակ մը, երբ ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլայ պետութիւն մը, որ չի ճանչնար Ողջակիզումը, ըսած է. «Ոչ, չեմ կրնար: Բայց եւ այնպէս, այս խնդիրին (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման) վերաբերեալ ես տակաւին կը կարծեմ, որ ժամանակի հարց է եւ ատիկա օր մը տեղի պիտի ունենայ: Թերեւս տեղի չունենայ շատ շուտով, առաւել եւս, դժուար է ակնկալել, որ ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ հինգ կամ տասը տարուան ընթացքին, սակայն կը կարծեմ, որ այս կամ այն ձեւով պիտի ճանչցուի, որովհետեւ ատիկա փաստ է»:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 10:33