Սօս Սարգսեան Սօս Սարգսեան 

«Պատգամ». Յոբելեանական հանդիսաւոր երեկոյ` Նուիրուած Սօս Սարգսեանին:

Յոբելեանական հանդիսաւոր երեկոն տեղի պիտի ունենցաւ դեկտեմբեր 16-ին` ժամը 19:00-ին, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակթութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ «Սօս Սարգսեան» մշակութային հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ պիտի կազմակերպուի «Պատգամ» յոբելեանական հանդիսաւոր երեկոյ` նուիրուած Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին:

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝  ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն կը յայտնեն, որ երեկոյի ընթացքին հանդիսատեսին պիտի մատուցուին Սօս Սարգսեանի պատգամները, հատուածներ հայ ազգին համար թեւաւոր դարձած անոր բարոյախրատական պատգամներնէն:

Պիտի ցուցադրուին տեսաշարեր հանրութեան անյայտ անոր բազմաթիւ ներկայացումներէն, ֆիլմերէն, հեռատեսիլի ներկայացումներէն: Որոշ նիւթեր հանրութեան դատին պիտի ներկայացուին առաջին անգամ:

Ելոյթ պիտի ունենան Գ․ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական եւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոններու դերասանները, Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկի ուսանողները, Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար` Ռոպերթ Մլքէյեան), Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար` Վահան Մարտիրոսեան), Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթը եւ անհատ կատարողներ:

Սօս Սարգսեան` որպէս գրող. անոր «Կանչ» եւ «Ընդհատում» վիպակներէն պիտի ընթերցուին հատուածներ եւ պիտի ներկայացուին դրուագներ` տարբեր թատրոններու դերասաններու մասնակցութեամբ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 09:31